Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է

Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Ո՛չ։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ դրամը չար բան մըն է, ոչ ալ կ’ըսէ որ ատիկա բոլոր գէշ բաներուն պատճառն է։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ Աստուածաշո՛ւնչը կը սորվեցնէ որ «բոլոր չարութիւններուն արմատը դրամն է»։ Բայց ատիկա սխալ եւ պակաս մէջբերում է Աստուածաշունչէն։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է» a (Ա. Տիմոթէոս 6։10, հաստ գիրերը մերն է)։

 Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դրամի մասին

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ դրամը գործի կը ծառայէ, երբ որ գիտնանք ատիկա ճիշդ գործածել, եւ թէ ատիկա նոյնիսկ «հովանի» է, այսինքն՝ կը պաշտպանէ (Ժողովող 7։12, ԱԾ)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը գովէ առատաձեռն անձերը (Առակաց 11։25

 Բայց Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ, որ պէտք չէ դրամը մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դառնայ։ Ատիկա կ’ըսէ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ» (Եբրայեցիս 13։5)։ Այս համարէն կը սորվինք որ պէտք է դրամը ճիշդ կերպով գործածենք եւ հարստանալու ետեւէ չըլլանք։ Հապա, նպատակ դնենք բաւարարուիլ ամէնէն կարեւոր բաներով, որոնց պէտք ունինք. օրինակ՝ ուտելիք, հագուստ եւ ապրելու տեղ (Ա. Տիմոթէոս 6։8

 Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կը զգուշացնէ դրամասիրութենէ

 Ագահ կամ աչքը ծակ անձերը յաւիտեան պիտի չապրին (Եփեսացիս 5։5)։ Ինչո՞ւ։ Նախ, քանի որ ագահութիւնը հաւասար է կռապաշտութեան կամ սուտ պաշտամունքի (Կողոսացիս 3։5)։ Երկու, քանի որ երբ մէկը շատ ջանք կ’ընէ որ իր ուզածը ունենայ, շատ անգամ լաւ վարք չ’ունենար։ Առակաց 28։20 (ՆԱ) կ’ըսէ որ «ան որ կ’ուզէ շատ արագ հարստանալ, անմեղ չի մնար»։ Ան թերեւս ստիպուի չար բաներ ընել. օրինակ՝ ուրիշին սպառնալ, դրամ շորթել, խարդախութիւն ընել, մէկը առեւանգել կամ մեռցնել։

 Նոյնիսկ եթէ դրամասիրութեան պատճառով մէկը գէշ վարք չունենայ, բայց կրնայ ատոր գէշ հետեւանքները քաշել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ» (Ա. Տիմոթէոս 6։9

 Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ դրամի մասին տրուած Աստուածաշունչի խրատներէն

 Եթէ դրամի վերաբերեալ Աստուծոյ ըսածներուն հնազանդինք, ինքնայարգանք պիտի ունենանք, իրեն ընդունելի պիտի ըլլանք եւ ինք մեզի պիտի օգնէ։ Աստուած կը խոստանայ անոնց՝ որոնք սրտանց ջանք կ’ընեն որ իրեն ընդունելի ըլլան. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբրայեցիս 13։5, 6)։ Աստուած նաեւ մեզ կը վստահեցնէ. «Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ» (Առակաց 28։20

a Այս համարը Նոր աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ անցած է այսպէս. «Բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է»։