Անցնիլ բովանդակութեան

Մարգարէութիւնները կը փաստե՞ն որ Յիսուս Մեսիան էր

Մարգարէութիւնները կը փաստե՞ն որ Յիսուս Մեսիան էր

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Այո՛։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, անոր վրայ կատարուեցան շատ մը մարգարէութիւններ «օծեալ իշխանին», այսինքն՝ Մեսիային մասին, որ «աշխարհի Փրկիչը» պիտի ըլլար (Դանիէլ 9։25. Ա. Յովհաննէս 4։14)։ Եւ նոյնիսկ Յիսուսի մահէն ետք, իր վրայ կատարուեցան ուրիշ մարգարէութիւններ ալ, որոնք կապ ունէին իր դերին հետ՝ որպէս Մեսիա (Սաղմոս 110։1. Գործք 2։34-36

 Ի՞նչ կը նշանակէ «Մեսիա»

 Եբրայերէն Մա·շիախ (Մեսիա) եւ անոր համապատասխան յունարէն բառը՝ Խրի·սթոս (Քրիստոս) կը նշանակեն «Օծեալ»։ Ուրեմն, «Յիսուս Քրիստոս» կը նշանակէ «Յիսուս Օծեալը» կամ «Յիսուս Մեսիան»։

 Աստուածաշունչի օրերուն, երբ մէկու մը յատուկ իշխանութիւն պիտի տրուէր, անիկա կ’օծուէր՝ իր գլխուն վրայ իւղ թափուելով (Ղեւտացւոց 8։12. Ա. Թագաւորաց 16։13)։ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ օծուեցաւ որ Մեսիան ըլլայ. այսինքն՝ անոր մեծ իշխանութիւն տրուեցաւ (Գործք 2։36)։ Բայց փոխանակ Յիսուսը իւղով օծելու, Աստուած զինք օծեց սուրբ հոգիով (Մատթէոս 3։16

 Կրնա՞յ ըլլալ որ Մեսիային վերաբերող մարգարէութիւնները կատարուին մէկէ աւելի անհատներու վրայ

 Ո՛չ։ Ինչպէս որ ամէն մէկ անհատ անձնական մատնադրոշմ ունի, նոյնպէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները միայն մէկ Մեսիայի կամ Քրիստոսի մասին կը խօսին։ Բայց Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ որ «սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն» (Մատթէոս 24։24

 Կրնա՞յ ըլլալ որ Մեսիան ապագային պիտի յայտնուի

 Ո՛չ։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ Մեսիան Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորէն պիտի գար (Սաղմոս 89։3, 4)։ Բայց այնպէս կ’երեւի որ երբ Ք.Ե. 70–ին հռոմայեցիները Երուսաղէմը գրաւեցին, հրեաներուն ազգատոհմերուն արձանագրութիւնները,– որոնց մէջ կարելի էր գտնել Դաւիթ թագաւորին սերունդը,– կորսուեցան a։ Անկէ ի վեր, մէ՛կը չէ կրցած փաստել որ ինք Դաւիթի թագաւորական ընտանիքին կը պատկանի։ Եւ քանի՛ որ այս արձանագրութիւնները գոյութիւն ունէին Յիսուսին օրերուն, նոյնիսկ անոր թշնամիները չկրցան ուրանալ այն իրողութիւնը որ ան Դաւիթ թագաւորի սերունդէն էր (Մատթէոս 22։41-46

 Աստուածաշունչին մէջ, քանի՞ մարգարէութիւններ կան Մեսիային մասին

 Չենք կրնար գիտնալ որ Աստուածաշունչին մէջ ճիշդ քանի մարգարէութիւններ կան Մեսիային մասին, քանի որ մարգարէութիւնները կարելի է տարբեր կերպերով հաշուել. նոյնիսկ ատոնք՝ որոնք յստակ կերպով Մեսիային մասին կը խօսին։ Օրինակ, ոմանք Եսայի 53։2-7–ին մանրամասն մարգարէութիւնները մէկ մարգարէութիւն կը սեպեն, իսկ ուրիշներ ամէն մէկ տեղեկութիւնը զատ մարգարէութիւն կը սեպեն։

 Մեսիային մասին կարգ մը մարգարէութիւններ, որոնք կատարուեցան Յիսուսին վրայ

Մարգարէութիւն

Գրուած է

Կատարում

Աբրահամէն պիտի գար

Ծննդոց 22։17, 18

Մատթէոս 1։1

Աբրահամի որդիէն՝ Իսահակէն՝ պիտի գար

Ծննդոց 17։19

Մատթէոս 1։2

Պիտի ծնէր Իսրայէլի Յուդայի ցեղին մէջ

Ծննդոց 49։10

Մատթէոս 1։1, 3

Դաւիթի թագաւորական սերունդէն պիտի գար

Եսայի 9։7

Մատթէոս 1։1

Կոյսէ պիտի ծնէր

Եսայի 7։14

Մատթէոս 1։18, 22, 23

Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր

Միքիա 5։2

Մատթէոս 2։1, 5, 6

Էմմանուէլ պիտի կոչուէր b

Եսայի 7։14

Մատթէոս 1։21-23

Աղքատ միջավայրի մէջ պիտի ծնէր ու մեծնար

Եսայի 53։2

Ղուկաս 2։7

Իր ծնելէն ետք մանուկներ կը սպաննուին

Երեմիա 31։15

Մատթէոս 2։16-18

Եգիպտոսէն պիտի կանչուէր

Ովսէէ 11։1

Մատթէոս 2։13-15

Նազովրեցի պիտի կոչուէր c

Եսայի 11։1

Մատթէոս 2։23

Իրմէ առաջ պիտի գար դեսպան մը

Մաղաքիա 3։1

Մատթէոս 11։7-10

Որպէս Մեսիա պիտի օծուէր Ք.Ե. 29–ին d

Դանիէլ 9։25

Մատթէոս 3։13-17

Աստուած կը յայտնէ որ ան իր Որդին է

Սաղմոս 2։7

Գործք 13։33, 34

Աստուծոյ տան հանդէպ նախանձախնդիր պիտի ըլլար

Սաղմոս 69։9

Յովհաննէս 2։13-17

Աւետիս, այսինքն՝ բարի լուր պիտի ծանուցանէր

Եսայի 61։1

Ղուկաս 4։16-21

Գալիլիայի մէջ պիտի քարոզէր

Եսայի 9։1, 2

Մատթէոս 4։13-16

Մովսէսին պէս հրաշքներ պիտի ընէր

Բ. Օրինաց 18։15

Գործք 2։22

Մովսէսին պէս, ան Աստուծոյ միտքերը պիտի յայտնէր

Բ. Օրինաց 18։18, 19

Յովհաննէս 12։49

Շատերու հիւանդութիւնները պիտի բժշկէր

Եսայի 53։4

Մատթէոս 8։16, 17

Իր վրայ ուշադրութիւն պիտի չհրաւիրէր

Եսայի 42։2

Մատթէոս 12։17, 19

Տառապող անհատներուն պիտի կարեկցէր

Եսայի 42։3

Մատթէոս 12։9-20. Մարկոս 6։34

Աստուծոյ արդարութիւնը պիտի յայտնէր

Եսայի 42։1, 4

Մատթէոս 12։17-20

Սքանչելի խորհրդակից

Եսայի 9։6, 7

Յովհաննէս 6։69

Եհովային անունը պիտի յայտարարէր

Սաղմոս 22։22

Յովհաննէս 17։6

Առակներով պիտի խօսէր

Սաղմոս 78։2

Մատթէոս 13։34, 35

Շատեր իրեն պիտի չհաւատային

Եսայի 53։1

Յովհաննէս 12։37, 38

Գայթակղութեան քար պիտի ըլլար

Եսայի 8։14, 15

Մատթէոս 21։42-44

Մարդոց կողմէ պիտի մերժուէր

Սաղմոս 118։22, 23

Գործք 4։10, 11

Առանց պատճառի պիտի ատուէր

Սաղմոս 69։4

Յովհաննէս 15։24, 25

Իշու վրայ հեծած՝ յաղթական պիտի մտնէր Երուսաղէմ

Զաքարիա 9։9

Մատթէոս 21։4-9

Մանուկներու կողմէ պիտի գովաբանուէր

Սաղմոս 8։2

Մատթէոս 21։15, 16

Եհովային անունով պիտի գար

Սաղմոս 118։26

Յովհաննէս 12։12, 13

Վստահելի բարեկամի կողմէ պիտի մատնուէր

Սաղմոս 41։9

Յովհաննէս 13։18

Երեսուն կտոր արծաթի համար պիտի մատնուէր e

Զաքարիա 11։12, 13

Մատթէոս 26։14-16. 27։3-10

Իր ընկերները զինք պիտի լքէին

Զաքարիա 13։7

Մատթէոս 26։31, 56

Սուտ վկաներ անոր դէմ պիտի վկայէին

Սաղմոս 35։11

Մատթէոս 26։59-61

Զինք մեղադրողներուն առջեւ լուռ պիտի մնար

Եսայի 53։7

Մատթէոս 27։12-14

Անոր վրայ պիտի թքնէին

Եսայի 50։6

Մատթէոս 26։67. 27։27, 30

Անոր գլխուն պիտի զարնէին

Միքիա 5։1

Մարկոս 15։19

Պիտի ծեծուէր

Եսայի 50։6

Յովհաննէս 19։1

Իրեն ապտակողներուն դէմ պիտի չելլէր

Եսայի 50։6

Յովհաննէս 18։22, 23

Կառավարիչներ իր դէմ պիտի միաբանէին

Սաղմոս 2։2

Ղուկաս 23։10-12

Անոր ձեռքերն ու ոտքերը ցիցի վրայ պիտի գամուէր

Սաղմոս 22։16

Մատթէոս 27։35. Յովհաննէս 20։25

Անոր հագուստներուն վրայ վիճակ պիտի ձգուէր

Սաղմոս 22։18

Յովհաննէս 19։23, 24

Մեղաւորներուն հետ պիտի դասուէր

Եսայի 53։12

Մատթէոս 27։38

Զինք պիտի ծաղրէին եւ անարգէին

Սաղմոս 22։7, 8

Մատթէոս 27։39-43

Մեղաւորներուն համար պիտի չարչարուէր

Եսայի 53։5, 6

Ա. Պետրոս 2։23-25

Պիտի թուէր որ Աստուած զինք լքած էր

Սաղմոս 22։1

Մարկոս 15։34

Իրեն քացախ եւ լեղի պիտի տրուէր որ խմէ

Սաղմոս 69։21

Մատթէոս 27։34

Մեռնելէ առաջ պիտի ծառաւէր

Սաղմոս 22։15

Յովհաննէս 19։28, 29

Իր հոգին Աստուծոյ պիտի յանձնէր

Սաղմոս 31։5

Ղուկաս 23։46

Իր կեանքը պիտի զոհէր

Եսայի 53։12

Մարկոս 15։37

Մեղքը վերցնելու համար, փրկանք պիտի տար

Եսայի 53։12

Մատթէոս 20։28

Անոր ոսկորները պիտի չկոտրուէին

Սաղմոս 34։20

Յովհաննէս 19։31-33, 36

Պիտի խոցուէր

Զաքարիա 12։10

Յովհաննէս 19։33-35, 37

Հարուստներու հետ պիտի թաղուէր

Եսայի 53։9

Մատթէոս 27։57-60

Մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր

Սաղմոս 16։10

Գործք 2։29-31

Զինք մատնողը ուրիշով պիտի փոխարինուէր

Սաղմոս 109։8

Գործք 1։15-20

Աստուծոյ աջ կողմը պիտի նստէր

Սաղմոս 110։1

Գործք 2։34-36

a Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Կասկած չկայ որ հրէական ցեղերու եւ ընտանիքներու արձանագրութիւնները բնաջնջուեցան Ք.Ե. 70–ին՝ Երուսաղէմի կործանման ժամանակ, եւ ոչ թէ ատկէ առաջ» (McClintock and Strong’s Cyclopedia

b Եբրայերէն Էմմանուէլ անունը, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ», շատ աղուոր կերպով կը նկարագրէ Յիսուսին դերը որպէս Մեսիա։ Երկրի վրայ անոր ներկայութիւնը եւ անոր ըրած գործերը փաստեցին որ Աստուած իր երկրպագուներուն հետ է (Ղուկաս 2։27-32. 7։12-16

c Այնպէս կ’երեւի որ «Նազովրեցի» բառը կու գայ եբրայերէն նէթսէր բառէն, որ կը նշանակէ «ընձիւղ», «ծիլ»։

d Այս մարգարէութեան մասին աւելին գիտնալու համար, կարդա՛ «Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը նախագուշակէ Մեսիային գալուստը» յօդուածը։

e Այս մարգարէութիւնը կը գտնուի Զաքարիայի գրքին մէջ, բայց Մատթէոս Աւետարանը գրողը կ’ըսէ որ «Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսք» էր (Մատթէոս 27։9)։ Այնպէս կ’երեւի որ Երեմիա գիրքը երբեմն Աստուածաշունչի «Մարգարէներ» հատուածին առաջին գիրքն էր (Ղուկաս 24։44)։ «Երեմիա» անունը գործածելով, ըստ երեւոյթին Մատթէոս նկատի ունէր այդ գիրքերուն ընդհանուր հաւաքածոն, որուն մէջ կար նաեւ Զաքարիայի գիրքը։