Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ վիժումի մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ վիժումի մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը չի խօսիր դիտումնաւոր կերպով պզտիկ անցընելու կամ վիժումի մասին։ Բայց ատոր մէջ կը գտնենք շատ մը համարներ, որոնք յստակ կը դարձնեն Աստուծոյ զգացումները մարդ արարածին կեանքին, մէջը ըլլալով դեռ չծնած երեխայի մը հանդէպ։

 Կեանքը Աստուծմէ նուէր է (Ծննդոց 9։6. Սաղմոս 36։9)։ Եւ Աստուած ամէն մարդու կեանքը, նոյնիսկ մօր մը արգանդին մէջի երեխայի մը կեանքը, շատ արժէքաւոր կը սեպէ։ Անոր համար, եթէ մէկը դիտումնաւոր կերպով չծնած երեխայ մը մեռցնէ, ատիկա հաւասար է ոճիր գործելուն։

 Իսրայէլացիներուն տրուած Աստուծոյ Օրէնքը ըսաւ. «Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս» (Ելից 21։22, 23) a։

 Մարդու մը կեանքը ճիշդ ե՞րբ կը սկսի

 Աստուած կը սեպէ որ մարդու մը կեանքը կը սկսի ա՛յն վայրկեանին՝ երբ մօր մը արգանդին մէջ երեխան կը սկսի կազմուիլ։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ՝ կը տեսնենք օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան որ Աստուած նոյն կերպով կը դիտէ արգանդին մէջ եղող երեխայի մը կեանքը եւ ծնած երեխայի մը կեանքը։

  •   Սուրբ հոգիին ազդեցութեան տակ՝ Դաւիթ թագաւոր Աստուծոյ ուղղելով իր խօսքը՝ գրեց. «Քու աչքերդ իմ սաղմս տեսան» (Սաղմոս 139։16, ԱԾ)։ Աստուած Դաւիթը անձ սեպեց, նոյնիսկ երբ դեռ ան չէր ծնած։

  •   Աստուած գիտէր որ Երեմիա մարգարէին համար յատուկ նպատակ պիտի ունենար՝ նոյնիսկ անոր ծնելէն առաջ։ Աստուած իրեն ըսաւ. «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի» (Երեմիա 1։5

  •   Բժիշկ Ղուկասը, որ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկն էր, նոյն յունարէն բառը գործածեց, թէ՛ երբ գրեց չծնած երեխայի մասին եւ թէ՝ նորածին մանուկի մասին (Ղուկաս 1։41. 2։12, 16

 Աստուած կը ներէ՞ անոնց՝ որոնք վիժում ըրած են

 Այո՛, եթէ հիմա անոնք կեանքի մասին Աստուծոյ պէս կը մտածեն։ Անոնք այլեւս պէտք չունին իրենք զիրենք տանջելու յանցաւորութեան զգացումներով։ «Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը... Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները» (Սաղմոս 103։8-12)։ Աստուած պիտի ներէ բոլոր անոնց՝ որոնք անկեղծօրէն կը զղջան անցեալին իրենց ըրած մեղքերուն համար, մէջը ըլլալով վիժումը (Սաղմոս 86։5

 Սխա՞լ է վիժում ընել եթէ մօր կամ անոր երեխային կեանքը վտանգի տակ է

 Կեանքի եւ չծնած երեխայի մասին Աստուածաշունչին ըսածները աչքի անցընելէ ետք, կը տեսնենք որ մօր մը կամ իր երեխային կեանքին վրայ հաւանական վտանգ մը ըլլալը չ’արդարացներ վիժում ընելը։

 Լաւ ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ ծննդաբերութեան ժամանակ անակնկալ պարագայ մը ելլէ, որուն պատճառաւ պէտք է որոշել որո՛ւն կեանքը ազատել, մօ՞ր կամ երեխային։ Այս պարագային, որոշումը զոյգին ձեռքն է։

a Այս համարներուն կարգ մը թարգմանութիւնները այն տպաւորութիւնը կու տան, որ այս օրէնքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը այն էր՝ որ ինչ կը պատահէր մօր եւ ոչ թէ անոր չծնած երեխային։ Բայց եբրայերէնը յստակ կը դարձնէ, որ այս համարներուն նիւթը դէպքի մը մասին է, որ կա՛մ մօր կամ անոր երեխային կը վնասէ։