Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել. Մաս 2։ Աստուածաշունչ կարդալը հաճելի դարձնել

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել. Մաս 2։ Աստուածաշունչ կարդալը հաճելի դարձնել

Ուիլ անունով պատանի մը կ’ըսէ որ «Աստուածաշունչ կարդալը կրնայ ձանձրացուցիչ ըլլալ, եթէ ատիկա կարդալու ճիշդ կերպը չես գիտեր»։

Կ’ուզե՞ս գիտնալ որ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչ կարդալը հաճելի դարձնել։ Այս յօդուածը քեզի պիտի օգնէ։

 Պատմութիւնը ապրէ

Կրնաս այս կերպը գործածել.

  1. Ընտրէ պատմութիւն մը, որ կ’ուզես սերտել։ Կրնաս այդ պատմութիւնը կամ դէպքը ընտրել Աւետարաններէն կամ ալ Աստուածաշունչի թատերական ընթերցանութիւններէն, որոնք jw.org կայքին վրայ են։

  2. Պատմութիւնը կարդա՛։ Կա՛մ անձամբ կամ ալ ընտանիքի անդամներով կամ ընկերներով։ Ձեզմէ ամէն մէկը կրնայ դեր մը առնել։

  3. Այս առաջարկներէն մէկը կամ քանի մը հատը փորձէ.

    • Գծէ պատմութեան որոշ մէկ դէպքը կամ դէպքերուն շարքաւորումը՝ խումբ մը նկարներով։ Եւ ամէն մէկ գծագրութեան տակ գրէ որ այդ պատկերին մէջ ճիշդ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։

    • Երբ Աստուածաշունչի անձնաւորութեան մը մասին կը կարդաս, մէկ սիւնակի մէջ գրէ անոր լաւ յատկութիւնները, իսկ ուրիշ սիւնակի մը մէջ՝ Աստուծոյ տուած օրհնութիւնները անոր։

    • Երեւակայէ որ օրաթերթի մէջ կ’աշխատիս։ Պատմութիւնը լուրի վերածէ։ Դէպքերը տարբեր անկիւններէ ներկայացուր եւ «հարցազրոյց ունեցիր» գլխաւոր անձնաւորութիւններուն եւ երկրորդական անձնաւորութիւններուն հետ, որոնք դէպքին ներկայ էին։

    • Եթէ անձնաւորութիւններէն մէկը իմաստուն որոշում չ’առաւ, երեւակայէ որ եթէ ան տարբեր որոշում առնէր, պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի վերջանար։ Օրինակ, նկատի առ Պետրոս ինչպէ՛ս ուրացաւ Յիսուսը (Մարկոս 14։66-72)։ Պետրոս ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէր ճնշումին դիմաց։

    • Աստուածաշունչի պատմութեան մը հիման վրայ դո՛ւն թատերախաղ մը գրէ եւ նշէ թէ ի՛նչ դասեր կրնաս սորվիլ ատկէ (Հռովմայեցիս 15։4

      Կրնա՛ս պատմութիւնը ապրիլ

 Պրպտումներ ըրէ

Եթէ պատմութեան մանրամասնութիւններուն վրայ կեդրոնանաս, կրնաս գոհարներ գտնել։ Իրականութեան մէջ, երբեմն միայն քանի մը բառ կարեւոր դասեր կը սորվեցնեն։

Օրինակ, Մատթէոս 28։7-ն բաղդատէ Մարկոս 16։7-ին հետ։

  •   Մարկոս ինչո՞ւ ըսաւ որ Յիսուս շուտով պիտի երեւէր աշակերտներուն «եւ Պետրոսին»։

  • Պատասխան։ Մարկոս անձամբ ներկայ չէր երբ այս դէպքը տեղի ունեցաւ։ Այնպէս կ’երեւի որ ան այս մանրամասն տեղեկութիւնը Պետրոսէն առաւ։

  • Հոգեւոր գոհար։ Պետրոս ինչո՞ւ հանգստացաւ, երբ գիտցաւ որ Յիսուս կ’ուզէ՛ր նորէն հետը տեսնուիլ (Մարկոս 14։66-72)։ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Պետրոսին իսկական բարեկամն է։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսին պէս իսկական բարեկամ ըլլալ։

Երբ որ պատմութիւնը ապրիս եւ անոր խորը երթաս, Աստուածաշունչ կարդալը հաճելի կը դառնայ։