Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 154

Շարունակենք տոկալ

Շարունակենք տոկալ

(Մատթէոս 24։13)

  1. Երբ Յիսուս եկաւ,

    Տառապեցաւ ու ցաւ քաշեց. . .

    Բայց ուրախութեամբ

    Ճնշիչ պահուն ան համբերեց։

    Հօր կամքը. . . խոստումը. . .

    Մտքին մէջ վառ պահեց։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Յիսուս մեր օրինակն է. . .

    Տոկանք, հաստատ մնանք։

    Աստուած ամուր վահան է.

    Կ’օգնէ որ մինչեւ վերջ անխախտ մնանք։

  2. Երբ մենք հալածուինք

    Կամ տառապինք, ցաւինք ու լանք,

    Միշտ պիտի նայինք

    Ապագային որ դիմանանք։

    Հոն ա՛լ ցաւ պիտ’ չըլլայ. . .

    Վճռենք որ հոն ըլլանք։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Յիսուս մեր օրինակն է. . .

    Տոկանք, հաստատ մնանք։

    Աստուած ամուր վահան է.

    Կ’օգնէ որ մինչեւ վերջ անխախտ մնանք։

  3. Մենք չենք յանձնուիր,

    Ոչ ալ վախի տեղի կու տանք։

    Տէր Եհովային

    Հաւատարիմ պիտի մնանք։

    Դրախտը՝ նոր կեանքը,

    ահա մօտ է. կու գայ։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Յիսուս մեր օրինակն է. . .

    Տոկանք, հաստատ մնանք։

    Աստուած ամուր վահան է.

    Կ’օգնէ որ մինչեւ վերջ անխախտ մնանք։