Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ս համեստ մնալ փորձութեան մէջ

Կրնա՛ս համեստ մնալ փորձութեան մէջ

‘Համեստութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալէ’ (ՄԻՔ. 6։8, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 48, 95

1-3. Յուդայէն եղող մարգարէն ի՞նչ չըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ Յերոբովամ թագաւորը սուտ կրօնքի զոհասեղան մը շինած էր Բեթէլի մէջ։ Եհովան Յուդայէն մարգարէ մը ղրկեց, որպէսզի դատապարտութեան պատգամ տայ անոր։ Խոնարհ մարգարէն պատգամը հաւատարմութեամբ տուաւ, եւ Եհովան զինք պաշտպանեց Յերոբովամին բարկութենէն (Գ. Թագ. 13։1-10

2 Եհովան մարգարէին ըսած էր որ Իսրայէլի մէջ ‘հաց չուտէ, ջուր ալ չխմէ’ եւ ‘գացած ճամբայէն չդառնայ’։ Մինչ մարգարէն կը վերադառնար, ծեր մարդու մը հանդիպեցաւ որ սուտ խօսելով ըսաւ, թէ ինքն ալ Եհովայի մարգարէ է։ Ծեր մարդը իր տունը հրաւիրեց մարգարէն որպէսզի ուտեն ու խմեն։ Մարգարէն Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ եւ ծեր մարդուն հետ գնաց։ Եհովան ուրախ չմնաց իրմէ։ Ետքը, մինչ մարգարէն տուն կը վերադառնար, առիւծ մը յարձակեցաւ վրան եւ զինք մեռցուց (Գ. Թագ. 13։11-24

3 Չենք գիտեր թէ մարգարէն ինչո՛ւ անհամեստօրէն գնաց ծեր մարդուն հետ։ Բայց թերեւս ան լման մոռցաւ որ պէտք է «համեստութեամբ» Աստուծոյ հետ քալէ (Միք. 6։8, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ «Աստուծոյ հետ քալել» կը նշանակէ՝ իրեն վստահիլ, իր ուղղութեան հետեւիլ եւ իրեն հնազանդիլ։ Համեստ անհատը շատ լաւ գիտէ, թէ պէտք է միշտ աղօթէ իր սիրալիր Հօր։ Եթէ մարգարէն համեստ ըլլար, Եհովային կը հարցնէր որ արդեօք Իր ցուցմունքները փոխուեցա՞ն։ Ատեններ, մենք ալ դժուար որոշումներու առջեւ կ’ըլլանք, եւ յստակ չ’ըլլար թէ ինչը ճիշդ է որ ընենք։ Եթէ համեստ ենք, Եհովայէն կը խնդրենք որ մեզ ուղղէ, որպէսզի լուրջ սխալ մը չընենք։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։

4 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք թէ ի՛նչ ըսել է համեստ ըլլալ, եւ ինչո՛ւ կարեւոր է որ համեստ ըլլանք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք աւելի համեստ ըլլալ, եւ ո՞ր պարագաները կրնան ցուցնել թէ իրապէս համեստ ենք կամ ոչ։ Նկատի առնենք անոնցմէ երեքը (Առ. 11։2, ՆԱ

ԵՐԲ ՄԵՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ՓՈԽՈՒԻՆ

5, 6. Բերզելի ինչպէ՞ս ցուցուց թէ համեստ է։

5 Երբ մեր պարագաները կամ նշանակումները փոխուին, մէջտեղ կ’ելլէ թէ իրապէս համեստ ենք կամ ոչ։ Կրնանք դաս մը առնել Դաւիթ թագաւորին հաւատարիմ բարեկամէն՝ Բերզելիէն։ Երբ ան 80 տարեկան էր, Դաւիթ զինք հրաւիրեց որ իր պալատին մէջ ապրի։ Ասիկա մեծ պատիւ մըն էր, եւ Բերզելիին առիթ կրնար տալ որ թագաւորին ընկերակցութիւնը վայելէ։ Բայց ան իր մեծ տարիքին պատճառով մերժեց հրաւէրը եւ չուզեց թագաւորին վրայ բեռ ըլլալ։ Ան ըսաւ թէ աւելի լաւ է որ այս նշանակումը Քամաամ առնէ, որ հաւանաբար իր տղան է (Բ. Թագ. 19։31-37

6 Համեստութիւնը Բերզելիին օգնեց որ այդ տրամաբանական որոշումը առնէ։ Ան հրաւէրը մերժեց ոչ թէ որպէսզի պատասխանատուութենէն փախչի կամ դիւրին կեանք մը ունենայ, հապա՝ պարզապէս քանի որ գիտէր թէ իր պարագաները փոխուած են եւ ընդունեց իր սահմանափակումները։ Ան չուզեց իր կարողութենէն աւելի շալկել (կարդա՛ Գաղատացիս 6։4, 5)։ Եթէ մեր խելքը–միտքն է որ որոշ դիրքի մը կամ նշանակումի մը հասնինք կամ մեր անունը մարդոց լեզուին վրայ ըլլայ, պիտի սկսինք մենք մեզ չափէ դուրս գովել եւ ուրիշներու հետ մրցակցիլ։ Ի վերջոյ յուսախաբ պիտի ըլլանք (Գաղ. 5։26)։ Բայց եթէ համեստ ենք, ամէն ջանք պիտի ընենք որ Աստուծոյ փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգնենք (Ա. Կոր. 10։31

7, 8. Համեստ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ մեր անձին չվստահինք։

7 Երբ աւելի պատասխանատուութիւն կամ հեղինակութիւն ստանանք, համեստ մնալը կրնայ դժուար ըլլալ։ Սակայն, կրնանք Նէեմիայէն դաս մը առնել։ Երբ ան լսեց թէ Երուսաղէմի բնակիչները խնդիրներ ունէին, Եհովային աղաչեց որ անոնց օգնէ (Նէ. 1։4, 11)։ Արտաշէս թագաւորը Նէեմիան նշանակեց շրջանին կառավարիչ, եւ այսպիսով Եհովան պատասխանեց անոր աղօթքին։ Թէեւ ան յայտնի դիրք մը եւ հարստութիւն ունէր, բայց բնա՛ւ իր փորձառութեան կամ կարողութիւններուն չվստահեցաւ։ Ան միշտ Եհովայէն ուղղութիւն կը խնդրէր եւ Օրէնքը կը կարդար (Նէ. 8։1, 8, 9)։ Ան իր հեղինակութիւնը բնա՛ւ չէր գործածեր որ մարդոցմէ օգտուէր կամ անոնց հետ գէշ կերպով վարուէր (Նէ. 5։14-19

8 Նէեմիային պէս, երբ աւելի պատասխանատուութիւն ստանանք կամ մեր նշանակումը փոխուի, պէտք է ամէն ջանք թափենք որ համեստ մնանք։ Չենք ուզեր միայն մեր կարողութիւններուն կամ փորձառութեան վստահիլ։ Մէկը ինչպէ՞ս կը սկսի իր անձին վստահիլ։ Օրինակ՝ թերեւս երէց մը սկսի ժողովքային հարցերուն հոգ տանիլ առաջ որ աղօթէ։ Կամ թերեւս եղբայր մը կամ քոյր մը որոշում մը առնէ եւ ետքը Եհովային աղօթէ որ իր առած որոշումը օրհնէ։ Բայց համեստ անհատը իր անձին չի վստահիր, նոյնիսկ երբ գտնուի պարագայի մը կամ խնդիրի մը մէջ որ նախապէս իր գլուխէն անցած է։ Ան միշտ կը յիշէ որ իր կարողութիւնները բա՛ն մը չեն՝ Եհովային հետ բաղդատած (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6)։ Մենք Աստուծոյ ընտանիքին մէկ անդամն ենք եւ կը սորվինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միութեամբ աշխատիլ։ Մենք չենք կարծեր որ քանի որ պատասխանատուութիւններ ունինք՝ մեր ընտանիքի կամ ժողովքի անդամներէն աւելի լաւ ենք (Ա. Տիմ. 3։15

ԵՐԲ ՄԷԿԸ ՄԵԶ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԿԱՄ ԿԸ ԳՈՎԷ

9, 10. Համեստութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի երբ մէկը անարդարօրէն քննադատէ մեզ։

9 Դիւրին չէ որ մեր զգացումները զսպենք երբ մէկը անարդարօրէն քննադատէ մեզ։ Ասիկա պատահեցաւ Աննային հետ։ Իր ամուսինը զինք կը սիրէր, բայց ան շատ անգամներ կու լար, քանի որ պզտիկ չէր կրնար ունենալ եւ Փենանան՝ իր ամուսինին երկրորդ կինը միշտ ծաղր կ’ընէր զինք։ Ասիկա չէր բաւեր. երբ ան օր մը խորանին մէջ կ’աղօթէր, Հեղի քահանայապետը կարծեց որ գինով է եւ յանդիմանեց զինք։ Հակառակ բոլոր ասոնց, Աննան ինքզինք զսպեց եւ յարգանքով խօսեցաւ Հեղիին հետ։ Ետքը, ան աղօթք մը ըրաւ որ յայտնեց Եհովային հանդէպ իր հաւատքը, սէրը եւ գնահատանքը (Ա. Թագ. 1։5-7, 12-16. 2։1-10

10 Համեստ ըլլալը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ‘բարիով յաղթենք չարին’ (Հռով. 12։21)։ Սատանայի աշխարհին մէջ կեանքը անարդար է եւ լեցուն է գէշութեամբ, բայց պէտք չէ թոյլ տանք որ ասիկա ջիղ չձգէ մեր վրայ (Սաղ. 37։1)։ Իսկ երբ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ խնդիրներ ունենանք, ա՛լ աւելի կը ցաւինք։ Բայց համեստ անհատը Յիսուսին պէս կը վարուի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր. . . հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր» (Ա. Պետ. 2։23)։ Յիսուս գիտէր թէ Եհովա՛ն է որ անարդարութիւնը կը շտկէ (Հռով. 12։19)։ Քրիստոնեաներն ալ պէտք է խոնարհ ըլլան եւ «չարութեան փոխարէն չարութիւն» չընեն (Ա. Պետ. 3։8, 9

11, 12. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք համեստ մնալ երբ մէկը մեզ չափէ դուրս գովէ կամ ուռեցնէ։ բ) Մեր հագուելակերպով եւ վարուելակերպով ինչպէ՞ս կը ցուցնենք որ համեստ ենք։

11 Նմանապէս դժուար կ’ըլլայ որ համեստ մնանք երբ մէկը կը գովէ կամ կ’ուռեցնէ մեզ։ Նկատի առ Եսթերը։ Ան Պարսկաստանի ամէնէն գեղեցիկ կիներէն մէկն էր։ Ան եւ իրեն պէս շատ մը երիտասարդուհիներ մէկ տարի գեղեցկութեան յատուկ հոգատարութիւն ստացան։ Անոնք իրարու հետ կը մրցէին որ թագաւորին աչքը մտնեն։ Ետքը, թագաւորը Եսթերը զատեց որ թագուհի ըլլայ։ Բայց այս բոլորը չձգեցին որ Եսթեր փոխուի եւ ինքզինք տեսնէ։ Ան մնաց համեստ, ազնիւ եւ յարգալից (Եսթ. 2։9, 12, 15, 17

Մեր հագուստն ու յարդարանքը կը ցուցնե՞ն թէ կը յարգենք Եհովան եւ ուրիշները, թէ՞ կը յայտնեն որ համեստ չենք (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12 Համեստութիւնը մեզի կ’օգնէ որ յարգալից կերպով հագուինք եւ վարուինք։ Գիտենք թէ «հեզ ու հանդարտ» ըլլալով է որ մարդոց սիրտը կը շահինք, եւ ոչ թէ ինքզինքնիս տեսնելով կամ մեր անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն հրաւիրելով (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։3, 4. Եր. 9։23, 24)։ Մեր ըսածները կամ ըրածները կը ցուցնեն թէ մեր սրտին մէջ ճիշդ ի՛նչ կը զգանք։ Օրինակ՝ թերեւս ձգենք որ ուրիշները մտածեն թէ մենք յատուկ ենք, քանի որ առանձնաշնորհումներ ունինք, մասնաւոր տեղեկութիւններ ունինք կամ պատասխանատու անձերու հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Կամ թերեւս հարցերը անանկ մէկ բացատրենք որ երեւի, թէ մենք առանձին ըրինք կարեւոր բան մը, մինչդեռ ուրիշներ ալ բաժին բերած են։ Բայց միտքդ բեր Յիսուսը։ Ան կրնար իր իմաստութեամբ տպաւորել մարդիկը։ Բայց ան շատ անգամներ Աստուծոյ Խօսքէն կը մէջբերէր, քանի որ չէր ուզեր որ փառքը իրեն գայ, այլ՝ Եհովային (Յովհ. 8։28

ԵՐԲ ՀԱՐՑՄԱՆ ՆՇԱՆ ԿԱՅ ՄԵՐ ՄԻՏՔԸ

13, 14. Համեստ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ աւելի լաւ որոշումներ առնենք։

13 Նաեւ պէտք է համեստ ըլլանք երբ որոշումներ կ’առնենք, կամ երբ ուրիշներ մեր կեանքին ազդող որոշումներ կ’առնեն։ Օրինակ, երբ Պօղոս առաքեալ Կեսարիա էր, կ’ուզէր Երուսաղէմ երթալ։ Բայց Ագաբոս մարգարէն իրեն ըսաւ որ եթէ երթայ՝ հոն զինք պիտի ձերբակալէին եւ թերեւս նոյնիսկ մեռցնէին։ Եղբայրները Պօղոսին աղաչեցին որ չերթայ, բայց ան իր միտքը չփոխեց։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ չափէ դուրս ինքնավստահ էր, հապա քանի որ լման կը վստահէր Եհովային եւ պատրաստ էր որ իր նշանակումը վերջացնէր, չնայած թէ ինչ պիտի պատահէր իրեն։ Եղբայրները համեստ էին եւ Պօղոսին որոշումը յարգելով ձգեցին որ երթայ (Գործք 21։10-14

14 Համեստ ըլլալը մեզի կ’օգնէ որ լաւ որոշումներ առնենք, նոյնիսկ եթէ լման չենք գիտեր թէ արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Օրինակ, թերեւս կը մտածենք լիաժամ ծառայութեան սկսելու մասին։ Լաւ, ի՞նչ պիտի պատահի եթէ հիւանդանանք։ Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեր ծնողքը հիւանդանայ ու մեր օգնութեան պէտք ունենայ։ Իսկ երբ ծերանանք, մեր անձին ինչպէ՞ս հոգ պիտի տանինք։ Որչա՛փ ալ աղօթենք կամ պրպտում ընենք, չենք կրնար այսպիսի հարցումներու լման պատասխանը գտնել (Ժող. 8։16, 17)։ Բայց եթէ Եհովային կը վստահինք, մեր սահմանափակումները պիտի ըմբռնենք եւ ընդունինք։ Պրպտում ընելէ, ուրիշներէն խրատ ուզելէ եւ աղօթքով առաջնորդութիւն խնդրելէ ետք, պէտք է Եհովայի հոգիին ուղղութեան հետեւինք (կարդա՛ Ժողովող 11։4-6)։ Եհովան կրնայ մեր որոշումները օրհնել, կամ ալ մեզի օգնել որ մեր ծրագիրները փոխենք (Առ. 16։3, 9

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՒԵԼԻ ՀԱՄԵՍՏ ԸԼԼԱԼ

15. Եհովայի մասին խոկալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ խոնարհ մնանք։

15 Տեսանք թէ համեստ ըլլալը շատ օգուտներ ունի։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք աւելի համեստ ըլլալ։ Նկատի պիտի առնենք չորս կերպեր։ Առաջին, պէտք է խոկանք Եհովայի յատկութիւններուն եւ դիրքին վրայ։ Երբ մեր անձը բաղդատենք Եհովային հետ, պիտի տեսնենք թէ որքա՜ն պզտիկ ենք եւ որքա՜ն քիչ գիտութիւն ունինք (Եսա. 8։13)։ Միտքդ պահէ թէ մենք կը քալենք Ամենակարող Աստուծոյ հետ, եւ ոչ թէ մարդու մը կամ հրեշտակի մը հետ։ Ասոր վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ որ «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհ[ինք]» (Ա. Պետ. 5։6

16. Ինչպէ՞ս աւելի համեստ կրնանք ըլլալ երբ խոկանք Աստուծոյ սիրոյն մասին։

16 Երկրորդ, աւելի համեստ կ’ըլլանք երբ խոկանք թէ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ մեզ։ Պօղոս ժողովքը նմանցուց մարդկային մարմինին։ Եհովան մարմինին բոլոր անդամներուն արժէք տուաւ (Ա. Կոր. 12։23, 24)։ Նմանապէս, Եհովան ամէն մէկս կը հոգայ, հակառակ մեր սահմանափակումներուն։ Ան մեզ չի բաղդատեր ուրիշներուն հետ, ոչ ալ մեզ իր սէրէն կը զրկէ երբ սխալ ընենք։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր ծառայութիւնը, կրնանք ապահով զգալ, գիտնալով որ Եհովան կը սիրէ մեզ։

17. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք երբ ուրիշներուն մէջ լաւ բաները տեսնենք։

17 Երրորդ, երբ ուրիշներուն մէջ լաւ բաները տեսնենք, աւելի համեստ պիտի դառնանք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ անոնցմէ խրատ խնդրենք եւ անոնց գաղափարները ընդունինք, փոխանակ ամէն անգամ մարդոց ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելու կամ մեր գործելակերպը ուրիշին պարտադրելու (Առ. 13։10)։ Անոնց հետ պիտի ուրախանանք երբ առանձնաշնորհումներ ստանան։ Եւ Եհովան պիտի փառաբանենք, մինչ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կ’օրհնէ մեր եղբայրները ամբողջ աշխարհին մէջ (Ա. Պետ. 5։9

18. Մեր խիղճը մարզելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ աւելի համեստ ըլլանք։

18 Չորրորդ, աւելի համեստ պիտի ըլլանք, երբ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գործածելով մեր խիղճը մարզենք։ Այդ սկզբունքները մեզի կը սորվեցնեն թէ Եհովան ինչ կը զգայ եւ կը մտածէ։ Երբ սորվինք իր աչքով նայիլ հարցերուն, պիտի կարենանք զինք հաճեցնող որոշումներ առնել։ Մինչ կը սերտենք, կ’աղօթենք եւ մեր սորվածը կը գործադրենք, մեր խիղճը պիտի զօրանայ (Ա. Տիմ. 1։5)։ Պիտի սորվինք ուրիշը մեր անձէն առաջ դնել։ Եթէ մեզի ինկածը ընենք, Եհովան կը խոստանայ մեզի օգնել համեստ ըլլալու (Ա. Պետ. 5։10

19. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ յաւիտեան համեստ մնանք։

19 Կը յիշե՞ս այն մարգարէն որուն մասին խօսեցանք այս յօդուածին սկիզբը։ Ան կորսնցուց իր կեանքը եւ Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը, քանի որ համեստ չմնաց։ Բայց մենք կրնա՛նք համեստ մնալ, նոյնիսկ եթէ դժուար ըլլայ։ Եհովայի շատ մը հաւատարիմ ծառաներուն օրինակը կը փաստէ ասիկա։ Որքա՛ն աւելի երկար ժամանակ ծառայենք Եհովային, այնքան աւելի համեստ պէտք է դառնանք (Առ. 8։13)։ Ինչ ալ ըլլան մեր պարագաները, տակաւին կրնանք Եհովային հետ քալել։ Ասիկա ինքնին ամէնէն հոյակապ եւ աննման առանձնաշնորհումն է որ կրնանք ունենալ։ Այս պատիւին արժէքը գնահատէ եւ շարունակէ լաւագոյնդ ընել որ յաւիտեան համեստութեամբ քալես Եհովային հետ։