Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 24

Աստուծոյ գիտութեան դէմ եղող ամէն տրամաբանութիւն քանդէ՛

Աստուծոյ գիտութեան դէմ եղող ամէն տրամաբանութիւն քանդէ՛

«Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան» (Բ. ԿՈՐ. 10։5, ԱԾ

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ զգուշացում տուաւ օծեալ քրիստոնեաներուն։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ զգուշացուց. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը» (Հռով. 12։2)։ Ան այդ խօսքերը ուղղեց առաջին դարու քրիստոնեաներուն։ Ինչո՞ւ այսքան զօրաւոր զգուշացում տուաւ տղամարդոց ու կիներու, որոնք Աստուծոյ նուիրուած էին եւ սուրբ հոգիով օծուած էին (Հռով. 1։7

2-3. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեզ Եհովայէն հեռացնել, բայց ինչպէ՞ս կրնանք մեր մտքին մէջ «ամրոց» դարձած բաները արմատախիլ ընել։

2 Պօղոս մտահոգ էր, քանի որ այնպէս կ’երեւի որ կարգ մը քրիստոնեաներ կ’ազդուէին Սատանայի աշխարհին յառաջ մղած վնասակար գաղափարներէն (Եփ. 4։17-19)։ Մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ այդ կերպով ազդուիլ։ Սատանան՝ այս աշխարհի աստուածը, որ ամէն ջանք կ’ընէ որ մեզ Եհովայէն հեռացնէ, բազմաթիւ հնարքներ կը գործածէ։ Անոնցմէ մէկն է՝ օգտագործել կարեւոր կամ նշանաւոր դառնալու մեր փափաքը, որ թերեւս ունինք։ Ան նաեւ թերեւս փորձէ գործածել մեր անցեալի փորձառութիւնը, մշակոյթը կամ ուսումը, ջանալով մեզ իր մտածելակերպով կաղապարել։

3 Կարելի՞ է որ արմատախիլ ընենք բաներ, որոնք «ամրոցներ» են մեր մտքին մէջ (Բ. Կոր. 10։4)։ Նկատէ՛ Պօղոսի պատասխանը. «Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում» (Բ. Կոր. 10։5, ԱԾ)։ Այո, Եհովայի օգնութեամբ կրնանք սխալ կեցուածքներէն ձերբազատուիլ։ Ինչպէս որ դեղը թոյնին ազդեցութիւնը կը տանի, նոյնպէս Աստուծոյ Խօսքը կրնայ Սատանայի աշխարհին թունաւոր ազդեցութիւնները ջնջել։

«ՁԵՐ ՄՏՔԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆՈՎԸ ՆՈՐՈԳՈՒԵՑԷ՛Ք»

4. Մեզմէ շատեր երբ ճշմարտութիւնը ընդունեցին, ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին։

4 Պահ մը ետ միտքդ բեր այն բոլոր փոփոխութիւնները որ ըրիր, երբ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը ընդունեցիր եւ որոշեցիր Եհովային ծառայել։ Մեզմէ շատեր Եհովային ծառայելու համար, պէտք էր կարգ մը սխալ բաներ ընելէ դադրէին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեզի օգնեց այսպիսի գէշ սովորութիւններ յաղթահարելու։

5. Հռովմայեցիս 12։2–ը ի՞նչ երկու բաներ կ’ըսէ որ ընենք։

5 Սակայն բնա՛ւ պէտք չէ զգանք, որ այլեւս փոփոխութիւններ ընելու հարկ չկայ։ Ճիշդ է որ մկրտութենէն առաջ մեր ըրած լուրջ մեղքերը այլեւս չենք ըներ, բայց պէտք է շարունակենք մեր ամէն ջանքը ընել խուսափելու որեւէ բանէ, որ կրնայ մեզ մղել նախկին մեղքերուն դառնալու։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք» (Հռով. 12։2)։ Ուրեմն երկու բաներ պէտք է ընենք։ Առաջին, աշխարհին կերպարանքովը պէտք չէ ‘կերպարանինք’։ Երկրորդ, պէտք է ‘նորոգուինք մեր մտքին նորոգութիւնովը’։

6. Մատթէոս 12։43-45–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կարեւոր դաս կը սորվինք։

6 Պօղոսի նշած նորոգուիլը պարզապէս մեր դրսերեւոյթը փոխել չէ։ Անիկա մեր ամբողջ էութեան կ’ազդէ (տե՛ս « Նորոգուի՞լ, թէ՞ կերպարանք առնել» շրջանակը)։ Պէտք է որ նորոգենք մեր միտքը, այսինքն՝ մեր ամէնէն ներքին կեցուածքները, զգացումները եւ հակումները։ Ուստի բոլորս պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Քրիստոսը ընդօրինակելու համար միայն հարեւանցի՞ փոփոխութիւններ կ’ընեմ, թէ՞ իսկապէս սիրտս ու միտքս կը փոխեմ’։ Յիսուս Մատթէոս 12։43-45–ին մէջ նշեց թէ ինչ պէտք է ընել (կարդա՛)։ Այդ խօսքերը մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնեն. բաւարար չէ սխալ մտածումներէ ձերբազատուիլ, հապա պէտք է զանոնք փոխարինենք Աստուած հաճեցնող մտածումներով։

«ՁԵՐ ՏԻՐԱՊԵՏՈՂ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԸ ՆՈՐՈԳԵԼ»

7. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրտն ու միտքը փոխել։

7 Կարելի՞ է որ փոխենք մեր հիմնական հակումները կամ մեր ներքին իսկական ինքնութիւնը։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «[Պէտք է] ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք [«պէտք է շարունակէք ձեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել», ՆԱ] եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (Եփ. 4։23, 24)։ Ուրեմն կարելի է որ մեր ներքին անձը փոխենք, բայց դիւրին չէ։ Չի բաւեր պարզապէս սխալ ցանկութիւններու դէմ դնել եւ սխալ բաներ ընելը դադրեցնել։ Պէտք է մեր «տիրապետող մտածելակերպը» փոխենք։ Ասիկա կը պարփակէ փոխել մեր ցանկութիւնները, հակումները եւ մղումները, ինչ որ կը պահանջէ որ յարատեւաբար ջանք թափենք։

8-9. Եղբօր մը փորձառութիւնը ինչպէ՞ս կը շեշտէ ներսէն փոխուելու կարիքը։

8 Նկատի առնենք եղբօր մը օրինակը, որ անցեալին վայրագ անձնաւորութիւն ունէր։ Խմելն ու կռիւ ընելը կեցնելէ ետք որակեալ դարձաւ մկրտութեան, եւ այսպէս իր միջավայրին մէջ լաւ վկայութիւն տրուեցաւ։ Բայց մկրտութենէն շատ չանցած, օր մը երեկոյեան, փորձուեցաւ կերպով մը որ չէր ակնկալեր։ Գինով մարդ մը իր տունը եկաւ եւ ուզեց իրեն հետ կռիւ ընել։ Սկիզբը եղբայրը կռուելու իր հակումին դէմ դրաւ։ Բայց երբ մարդը Եհովայի անուան հայհոյեց, եղբայրը այլեւս չկրցաւ իր բարկութիւնը զսպել։ Ան տունէն դուրս ելաւ եւ զինք ծեծեց։ Եղբօր խնդիրը ի՞նչ էր։ Թէեւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով կրցած էր վայրագօրէն վարուելու իր հակումը զսպել, բայց դեռ չէր փոխած իր տիրապետող մտածելակերպը։ Ուրիշ խօսքով, իր ներքին անձը չէր փոխած։

9 Սակայն եղբայրը չյանձնուեցաւ (Առ. 24։16)։ Երէցներուն օգնութեամբ շարունակեց յառաջդիմել եւ նոյնիսկ երէց նշանակուեցաւ։ Օր մը երեկոյեան, Թագաւորութեան սրահէն դուրս դիմագրաւեց նոյն փորձութիւնը, որ ունեցած էր տարիներ առաջ։ Գինով մարդ մը երէցներէն մէկը ծեծելու վրայ էր։ Եղբայրը ի՞նչ ըրաւ։ Մեղմօրէն եւ խոնարհաբար խօսեցաւ մարդուն հետ, օգնեց որ հանդարտի եւ նոյնիսկ զինք տուն հասցուց։ Այս անգամ ինչո՞ւ տարբեր կերպով վարուեցաւ։ Ան իր տիրապետող մտածելակերպը փոխած էր։ Ներսէն փոխուած էր խաղաղարար եւ խոնարհ անձի, Եհովային փառք բերելով։

10. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ ներսէն փոխուինք։

10 Այսպիսի փոփոխութիւններ մէկ օրուան մէջ չեն ըլլար, ոչ ալ ինքնաբերաբար կ’ըլլան։ Պէտք է տարիներ շարունակ ‘բոլոր ջանքերնիս’ ընենք (Բ. Պետ. 1։5)։ Պարզապէս երկար ժամանակ ճշմարտութեան մէջ ըլլալը չի նշանակեր որ այս փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան։ Պէտք է ամէն ջանք թափենք որ մեր ներքին անձը փոխենք։ Ասիկա ընելու կարգ մը հիմնական քայլեր նկատի առնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՏԻՐԱՊԵՏՈՂ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԸ ՓՈԽԵԼ

11. Աղօթքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ մեր տիրապետող մտածելակերպը փոխենք։

11 Աղօթքը առաջին կարեւոր քայլն է։ Պէտք է աղօթենք սաղմոսերգուին պէս, որ ըսաւ. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղ. 51։10)։ Պէտք է ընդունինք, թէ հարկ է որ մեր տիրապետող մտածելակերպը փոխենք, եւ Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ փոփոխութիւնը ընելու։ Կրնանք քաջալերուիլ այն խոստումով, որ Եզեկիէլի օրերուն Եհովան կարծրասիրտ իսրայէլացիներուն նկատմամբ տուաւ. «Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ, անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ. . . ու անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ», այսինքն սիրտ մը, որ կ’ընդառաջէ Աստուծոյ առաջնորդութեան (Եզեկ. 11։19)։ Եհովան պատրաստ էր այդ իսրայէլացիներուն օգնելու որ փոխուին, եւ պատրաստ է մեզի ալ օգնելու։

12-13. ա) Սաղմոս 119։59–ի համաձայն, ինչի՞ վրայ պէտք է խոկանք։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է դուն քեզի հարցնես։

12 Խոկալը երկրորդ կարեւոր քայլն է։ Մինչ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր ուշադրութեամբ կը կարդանք, պէտք է ժամանակ տրամադրենք խոկալու, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչ մտածումներ եւ զգացումներ պէտք է փոխենք (կարդա՛ Սաղմոս 119։59. Եբ. 4։12. Յակ. 1։25)։ Պէտք է բնորոշենք որեւէ մտածում կամ զգացում, որ աշխարհային գաղափարներէն ազդուած է։ Հարկ է որ անկեղծօրէն ընդունինք մեր տկարութիւնները եւ ետքը ծանր աշխատինք, որ ատոնցմէ ձերբազատուինք։

13 Օրինակ, դուն քեզի հարցուր. ‘Սրտիս մէջ նախանձի հետք կա՞յ’ (Ա. Պետ. 2։1)։ ‘Քիչ մը հպարտութիւն ունի՞մ ենթահողիս, ուսումիս կամ դրամական լաւ վիճակիս պատճառով’ (Առ. 16։5)։ ‘Ցած աչքով կը նայի՞մ անոնց, որոնք ընկերային տարբեր խաւի կամ տարբեր ցեղի կը պատկանին’ (Յակ. 2։2-4)։ ‘Կը հրապուրուի՞մ այն բաներով, որոնք Սատանայի աշխարհը կը հրամցնէ’ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ ‘Հաճոյք կ’առնե՞մ անբարոյ եւ վայրագ ժամանցներէ’ (Սաղ. 97։10. 101։3. Ամս. 5։15)։ Երբ այս հարցումներուն պատասխանես, թերեւս անդրադառնաս որ կարգ մը բաներու վրայ պէտք է աշխատիս։ Մեր սրտին մէջ «ամրոցներ»ու պէս եղող տրամաբանութիւններ քանդելով, մեր երկնաւոր Հայրը պիտի հաճեցնենք (Սաղ. 19։14

14. Ինչո՞ւ լաւ ընկերակցութիւն ունենալը կարեւոր է։

14 Լաւ ընկերակցութիւն ունենալը երրորդ կարեւոր քայլն է։ Գիտակցինք կամ ոչ, մենք մեծապէս կ’ազդուինք անոնցմէ, որոնց հետ կ’ընկերակցինք (Առ. 13։20)։ Գործատեղը կամ դպրոցին մէջ, հաւանաբար շրջապատուած ենք անձերով, որոնք մեզի պիտի չօգնեն, որ աստուածահաճոյ մտածելակերպ զարգացնենք։ Սակայն, կրնանք ամէնէն լաւ ընկերակցութիւնը գտնել քրիստոնէական ժողովներուն մէջ։ Հոն է որ կը մղուինք «սիրոյ եւ բարեգործութեան» (Եբ. 10։24, 25

‘ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԷՔ’

15-16. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեր մտածումը փոխել։

15 Յիշէ որ Սատանան վճռած է մեր մտածումը փոխել։ Ան գիտէ թէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունի մեր մտածելակերպին վրայ։ Անոր համար ամէն տեսակ գաղափարներ կը գործածէ, որպէսզի մեր մտածելակերպին ազդէ եւ ձգէ որ կասկածներ ունենանք։

16 Սատանան կը շարունակէ հարցնել նոյն հարցումը, որ Եւային հարցուց Եդեմի պարտէզին մէջ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ. . . » (Ծն. 3։1)։ Սատանային ձեռքին տակ եղող աշխարհին մէջ յաճախ այսպիսի հարցումներ կը լսենք. ‘Իրա՞ւ Աստուած նոյնասեռ ամուսնութեան չի հաճիր։ Իրա՞ւ Աստուած չ’ուզեր, որ Սուրբ Ծնունդը կամ ծննդեան տարեդարձը տօնես։ Իրա՞ւ Աստուածդ կ’ակնկալէ որ արեան փոխներարկումը մերժես։ Իրա՞ւ սիրալիր Աստուած մը կ’ուզէ որ չընկերակցիս վտարուած ազգականիդ կամ բարեկամիդ հետ’։

17. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մէկը մեզի հարցնէ հարցումներ, մեր հաւատալիքներուն վրայ կասկած արթնցնելով։ բ) Կողոսացիս 2։6, 7–ին համաձայն, ի՞նչ արդիւնք կրնանք ձեռք ձգել։

17 Պէտք է մեր հաւատալիքներով համոզուած ըլլանք։ Եթէ մեր մտքին մէջ եղող հարցումներուն պատասխանները չգտնենք, անոնք կրնան լուրջ կասկածներու վերածուիլ։ Իսկ այդ կասկածները ի վերջոյ կրնան մեր մտածումը պղտորել եւ մեր հաւատքը քանդել։ Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, որ մեր միտքը նորոգենք, որպէսզի մենք մեզի փաստենք թէ «ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռով. 12։2)։ Կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենալով կրնանք մենք մեզի փաստել այն ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուածաշունչէն սորվեցանք։ Եւ կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովայի չափանիշները ճիշդ են։ Այսպէս, զօրաւոր արմատներ ունեցող ծառի մը պէս, «հաւատքին մէջ հաստատուած» պիտի ըլլանք (կարդա՛ Կողոսացիս 2։6, 7

18. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Սատանայի աշխարհին թունաւոր ազդեցութիւններէն ձերբազատուինք։

18 Ուրիշ մէկը քու տեղդ չի կրնար հաւատքդ հաստատել։ Ուստի, շարունակէ տիրապետող մտածելակերպդ նորոգել։ Յարատեւաբար աղօթէ ու խնդրէ սուրբ հոգիին օգնութիւնը։ Խորապէս խոկա՛ եւ շարունակ քննէ մտածումներդ ու մղումներդ։ Լաւ ընկերներ զատէ եւ դուն քեզ շրջապատէ անհատներով, որոնք քեզի պիտի օգնեն միտքդ նորոգելու։ Այս բոլորը ընելով, Սատանայի աշխարհին թունաւոր ազդեցութիւններէն պիտի ձերբազատուիս ու պաշտպանուիս, եւ յաջողութեամբ պիտի քանդես «տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան» (Բ. Կոր. 10։5, ԱԾ

ԵՐԳ 58 Նուիրումի աղօթքս

^ պարբ. 5 Մեր մտածումները կ’ազդուին մեր անցեալի փորձառութիւններէն, մշակոյթէն եւ ուսումէն,– ատիկա կ’ըլլայ կա՛մ դէպի լաւ եւ կամ դէպի գէշ։ Թերեւս անդրադառնանք, թէ սխալ կեցուածքներ արմատացած են մեր անձնաւորութեան մէջ։ Յօդուածը ցոյց պիտի տայ, որ ինչպէ՛ս կրնանք արմատախիլ ընել որեւէ սխալ հակում որ զարգացուցած ենք։