Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

2 Խնդիրները լուծել

2 Խնդիրները լուծել

Կարգ մը խնդիրներ տարիներով կը մնան ու չեն լուծուիր։ Թերեւս նոյնիսկ առաջ որ անդրադառնանք, մեր կեանքին մէկ մասը կը դառնան։ Արդեօք Սուրբ Գիրքը կու տա՞յ պէտք եղած իմաստութիւնը, որ այսպիսի յուսահատեցուցիչ խնդիրներ լուծենք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

ՉԱՓԷ ԴՈՒՐՍ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻԼ

Ռոզին կ’ըսէ. «Կարգ մը հոգեր մտքիս մէջ կը կախուէին, քանի որ հարցերը կը մեծցնէի եւ միշտ կ’երեւակայէի որ շատ գէշ բաներ պիտի պատահին»։ Սուրբ Գիրքին ո՞ր համարները օգնեցին իրեն։ Ատոնցմէ մէկն է Մատթէոս 6։34–ը, որ կ’ըսէ. «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։ Ռոզին հիմա կ’ըսէ որ Յիսուսին այս խօսքը իրեն օգնեց, որ այլեւս հոգ չընէ թէ վաղը ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Ան կ’աւելցնէ. «Արդէն բաւարար խնդիրներ ունէի. պէտք չկար հոգերս աւելցնելու, մտածելով բաներու մասին, որոնք ո՛չ պատահած են եւ թերեւս ոչ ալ պիտի պատահին»։

Եասմին անունով կին մըն ալ զգաց որ իր մտահոգութիւններուն մէջ թաղուած է։ Ան կ’ըսէ. «Շաբաթը քանի մը օր կու լայի եւ կարգ մը գիշերներ չէի կրնար քնանալ։ Կը զգայի որ ժխտական մտածումներս ողջ–ողջ կ’ուտէին զիս»։ Ո՞ր համարը օգնեց իրեն։ Ա. Պետրոս 5։7–ն, որ կ’ըսէ. «Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ Եասմին կ’ըսէ. «Յարատեւաբար Եհովային աղօթեցի, եւ ան պատասխանեց աղօթքներուս։ Զգացի թէ մեծ բեռ մը ելաւ վրայէս։ Մինչեւ հիմա ատեն–ատեն ժխտական մտածումներ կ’ունենամ, բայց այլեւս գիտեմ ինչպէ՛ս ատոնց հետ գլուխ պիտի ելլեմ»։

ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Իզապէլլա անունով երիտասարդուհի մը կ’ըսէ. «Կը կարծեմ որ յետաձգելու սովորութիւնը ժառանգական է, քանի որ հայրս ալ իր ընելիքները կը ձգձգէ։ Փոխանակ կարեւոր բաները ընելու, հեռատեսիլ կը դիտեմ կամ պարզապէս կը հանգչիմ։ Ասիկա վնասակար սովորութիւն մըն է, քանի որ սթրեսը կ’աւելցնէ եւ կը ձգէ որ անհատը իր ընելիքը լաւ կերպով չընէ»։ Իրեն օգնեց Բ. Տիմոթէոս 2։15–ի սկզբունքը, որ կ’ըսէ. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ»։ Իզապէլլան կ’ըսէ. «Չուզեցի Եհովան ամչնայ իմ ըրածներովս, պարզապէս քանի որ ընելիքներս կը յետաձգեմ»։ Ան շատ փոխուեցաւ։

Քելսի անունով երիտասարդուհի մըն ալ կ’ըսէ. «Գործ մը կ’ունենայի, որ որոշ օր մը պէտք է յանձնեմ, բայց մինչեւ վերջին վայրկեանը չէի աշխատեր, եւ յետոյ կու լայի, քունս կը փախցնէի եւ հոգ կ’ընէի։ Ըրածս լաւ չէր»։ Քելսիին օգնեց Առակաց 13։16–ը, որ կ’ըսէ. «Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ»։ Ան կը բացատրէ որ այս համարին վրայ խոկալով ի՛նչ սորվեցաւ. «Իմաստուն է այն անհատը, որ գործնական քայլեր կ’առնէ եւ առաջուընէ կը ծրագրէ։ Այլեւս տետրակ մը կը ձգեմ գրասեղանիս վրայ, որուն մէջ ընելիք գործերս կը գրեմ, եւ ասիկա ինծի կ’օգնէ որ ամէն բան կարգի դնեմ, եւ ընելիքներս վերջին վայրկեանուան չձգեմ»։

ՄԻԱՅՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

«Ամուսինս ձգեց գնաց, զիս միայնակ ձգելով չորս պզտիկներու հետ», կը պատմէ Քիրսթըն։ Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքը օգնեց իրեն։ Առակաց 17։17–ն, որ կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու [«եղբայր է՝ որ», ՆԱ] նեղութեան ատենուան համար ծնած է»։ Քիրսթըն օգնութիւն խնդրեց ուրիշներէն, որոնք իրեն պէս Եհովային կը ծառայեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կը պատմէ. «Բարեկամներս շատ մը կերպերով օգնութեանս հասան։ Անոնցմէ ոմանք ուտելիք եւ ծաղիկներ կը ձգէին դրանս առջեւ։ Երեք առիթներով, պզտիկ խումբով անձեր օգնեցին ինծի եւ պզտիկներուս, որ տունէն փոխադրուինք։ Անձ մը ինծի օգնեց գործ գտնելու։ Բարեկամներս միշտ պատրաստ էին օգնելու»։

Նախապէս նշուած Տելֆինն ալ միայնակ կը զգար։ Ան կը յիշէ թէ ի՛նչ զգաց, երբ ինչ որ ունէր կորսնցուց. «Զգացի թէ կեանքը խանութի մը պէս առջեւս է եւ ես ապակիէն ներս կը նայիմ բոլոր մարդոց։ Շատ միայնակ կը զգայի»։ Այն համարներէն մէկը որ իրեն օգնեց, Սաղմոս 68։6–ն է, որ կ’ըսէ. «Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ»։ Ան կը բացատրէ. «Գիտէի որ այս համարը ըսել չ’ուզեր որ Աստուած հի՛մա ֆիզիքական տուն մը կու տայ, հապա՝ մեզի կու տայ հոգեւոր տուն մը, ուր իսկապէս ապահով կը զգանք եւ Եհովան սիրող անհատներու հետ անկեղծ փոխյարաբերութիւններ կ’ունենանք ու անոնց կը կապուինք։ Բայց գիտէի որ ուրիշներուն մօտիկ ըլլալու համար, նախ պէտք է Եհովային մօտենամ։ Ասոր մէջ ինծի օգնեց Սաղմոս 37։4–ը, որ կը նշէ. ‘Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները’»։

Ան նաեւ կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ պէտք է ա՛լ աւելի կապուած ըլլամ Եհովային։ Ան լաւագոյն Բարեկամն է։ Ետքը, մտածեցի թէ ի՛նչ բաներ կրնամ ընել այն անհատներուն հետ, որոնք Եհովան կը սիրեն, որպէսզի բարեկամութիւններ հաստատեմ։ Սորվեցայ ուրիշներուն մէջ լաւ բաներ տեսնել եւ անոնց հետ այնպէս մը վարուիլ, որ կարծես թէ տկար կէտեր չունին»։

Անշուշտ, Աստուծոյ ծառայողները տակաւին անկատար են։ Եհովայի վկաներն ալ ամէն մարդու պէս խնդիրներ ունին, բայց ուրիշներուն ձեռք կու տան, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ այս մէկը ընեն։ Այսպիսի բարեկամներ ունենալը իմաստութիւն է։ Լաւ, Սուրբ Գիրքին սկզբունքները նաեւ կրնա՞ն օգնել այն խնդիրներուն պարագային, որոնք ներկայիս չեն լուծուիր, ինչպէս՝ երկարատեւ առողջապահական հարցեր եւ սիրելիի մը մահը։

Երբ Սուրբ Գիրքին խրատները գործադրես, կրնաս գտնել բարեկամներ, որոնք կը սիրեն օգնել