Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ճնշուածութենէ զերծ կեանք մը կարելի է

Ճնշուածութենէ զերծ կեանք մը կարելի է

Աստուածաշունչի բովանդակած իմաստութիւնը կրնայ մեզի օգնել անհարկի ճնշուածութենէ հեռու մնալու։ Մենք չենք կրնար մէջտեղէն վերցնել ամէն բան որ ճնշուածութիւն կը պատճառէ, բայց մեր Ստեղծիչը կրնա՛յ։ Ան նոյնիսկ մէկը նշանակած է, որ մեզի օգնէ. Յիսուս Քրիստոս։ Մօտ ատենէն, Յիսուս համաշխարհային տարողութեամբ աւելի սքանչելի բաներ պիտի ընէ, քան ինչ որ ըրաւ երբ երկրի վրայ էր։ Օրինակ.

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԲԺՇԿԷ։

«Բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին. . . ու բժշկեց զանոնք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 4։24

ՅԻՍՈՒՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ՏՈՒՆ ԵՒ ՈՒՏԵԼԻՔ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎԷ։

«[Քրիստոսի հպատակները] տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (ԵՍԱՅԻ 65։21, 22

ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ։

«Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։ Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։ . . .Անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն» (ՍԱՂՄՈՍ 72։7-9

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԴՆԷ։

«Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (ՍԱՂՄՈՍ 72։13, 14

ՅԻՍՈՒՍ ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ ՄԷՋՏԵՂԷՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԷ։

«Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։4