Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ մօտենալս բարի եղած է ինծի

Աստուծոյ մօտենալս բարի եղած է ինծի

ԵՐԲ ինը տարեկան էի, աճումս կեցաւ։ Ասիկա 34 տարի առաջ էր Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ, եւ նոյնիսկ հիմա միայն մէկ մեթր է հասակս։ Երբ պարագաս յայտնի եղաւ, ծնողքս զիս քաջալերեց որ ծանր աշխատիմ, որպէսզի երեւոյթիս մասին շարունակ չմտածեմ։ Այս նպատակով, մեր տան առջեւ պտուղի սեղան մը դրի եւ զայն միշտ կոկիկ կը պահէի։ Ատիկա բազմաթիւ յաճախորդներ կը հրապուրէր։

Անշուշտ, ծանր աշխատիլը ամէն բան չփոխեց. տակաւին կարճահասակ էի եւ նոյնիսկ պզտիկ բաներու մէջ դժուարութիւն կը քաշէի, ինչպէս՝ խանութներուն հաշուասեղանին հասակին հասնիլը։ Կարծես թէ ամէն բան շինուած էր հասակիս երկու անգամը ունեցող անձերուն համար։ Վիճակիս վրայ կը նեղուէի, բայց 14 տարեկանիս ասիկա փոխուեցաւ։

Օր մը, երկու Վկայ կիներ պտուղ գնեցին ինձմէ եւ ապա սկսան ինծի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Շատ չանցած անդրադարձայ որ Եհովան եւ իր նպատակը ճանչնալը աւելի կարեւոր էր քան՝ ֆիզիքական վիճակս։ Ասիկա լաւ ազդեց վրաս։ Սաղմոս 73։28–ը նախընտրած համարս դարձաւ։ Այս համարին առաջին մասը կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի»։

Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ մարդիկ վարժուած էին զիս տեսնել պտուղի սեղանին քով։ Սակայն երբ ընտանիքս անսպասելիօրէն Պուրգինա Ֆասօ փոխադրուեցաւ, կեանքս մեծապէս փոխուեցաւ։ Հոն ինքզինքս օտար զգացի եւ շատերու համար տարօրինակ տեսք ունէի։ Մարդիկ շարունակ ինծի կը նայէին։ Այս պատճառով շաբաթներով տունէն դուրս չէի ելլեր։ Սակայն յետոյ յիշեցի որ Եհովային մօտենալս շատ բարի եղած էր ինծի։ Ուստի Եհովայի վկաներուն մասնաճիւղին նամակ գրեցի եւ յարմար անձը՝ Նանին ինծի այցելեց, որ միսիոնարուհի էր եւ շարժանիւ մը ունէր։

Շրջանին ճամբաները աւազոտ ըլլալով դիւրասահ կ’ըլլային, իսկ անձրեւոտ ատենները՝ ցեխոտ։ Նանին քովս եկած ատենը, շատ անգամներ շարժանիւէն կ’իյնար, բայց բնա՛ւ չէր յանձնուեր։ Ետքը՝ ինծի առաջարկեց որ իրեն հետ ժողովի երթամ։ Գիտակցեցայ որ ասիկա կը նշանակէ՝ տունէն դուրս ելլել եւ մարդոց նայուածքներուն դիմանալ։ Աւելին, շարժանիւը քշելը արդէն դժուար էր, եւ ես ատոր ետեւը նստելով՝ աւելի պիտի ծանրացնէի զայն։ Սակայն ընդունեցի առաջարկը, ի մտի ունենալով նախընտրած համարիս երկրորդ մասը. «Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ»։

Նանին եւ ես ատեններ ցեխին մէջ կ’իյնայինք, սակայն քանի որ ժողովները կը սիրէինք՝ մեր հոգը չէր ըլլար։ Որքա՜ն տարբերութիւն կար Թագաւորութեան սրահի մէջի ժպիտներուն եւ դուրսը եղած նայուածքներուն միջեւ։ Ինը ամիս ետք մկրտուեցայ։

Նախընտրած համարիս երրորդ մասը կ’ըսէ. «Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ»։ Գիտէի թէ ծառայութիւնը ամէնէն դժուարը պիտի ըլլար ինծի համար։ Տակաւին կը յիշեմ այն օրը, երբ առաջին անգամ տունէ–տուն քարոզեցի։ Թէ՛ պզտիկները եւ թէ մեծերը ինծի կը նայէին, կը հետեւէին եւ քալած կերպս կը ծաղրէին։ Շատ վիրաւորուեցայ, բայց շարունակ ես ինծի յիշեցուցի թէ անո՛նք ալ ինծի չափ Դրախտին պէտք ունին։ Ուստի յարատեւեցի։

Ձեռքով քշուող եռանիւ մը բերի, որպէսզի կեանքս աւելի դիւրացնեմ։ Ծառայակիցս զիս զառիվեր կը հրէր, յետոյ եռանիւին վրայ կը ցատկէր եւ զառիվայր թափ կ’առնէինք։ Սկիզբը ծառայութիւնը շատ դժուար էր, սակայն ետքը սկսաւ շատ ուրախութիւն պատճառել ինծի, եւ այս պատճառով 1998–ին կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։

Աստուածաշունչի շատ մը ուսումնասիրութիւններ ունէի, եւ անոնցմէ չորսը մկրտուեցան։ Աւելին, քոյրերէս մէկն ալ ճշմարտութիւնը ընդունեց։ Շատ անգամներ կը քաջալերուէի երբ ուրիշներուն յառաջդիմելը կը լսէի, եւ այդ քաջալերութիւնը ճիշդ ատենին կու գար։ Օր մը երբ ջերմախտէ կը տառապէի, Փղոսկրեայ Ափունքէն նամակ մը ստացայ։ Շա՜տ ուրախացայ երբ իմացայ որ անձ մը, որուն հետ դրան առջեւ դաս սկսած էի եւ ապա եղբօր մը յանձնած, չմկրտուած հրատարակիչ դարձած էր։ Երբ իրեն հետ կը սերտէի, Պուրգինա Ֆասոյի մէջ համալսարան կ’երթար, սակայն ետքը Փղոսկրեայ Ափունք փոխադրուած էր։

Թերեւս հարց կու տաք թէ ծախսերս ինչպէ՛ս կը հոգամ։ Անկարողներուն օգնող կազմակերպութիւն մը ինծի առաջարկեց որ կարել սորվեցնէ։ Ուսուցիչներէն մէկուն ուշադրութիւնը գրաւեց իմ աշխատած կերպս, եւ ըսաւ. «Քեզի պէտք է օճառ շինել սորվեցնենք»։ Իսկապէս ալ սորվեցուցին։ Տունը լուացքի եւ ձեռքի օճառ կը շինեմ։ Մարդիկ ըրած օճառս կը հաւնին եւ ուրիշներուն ալ կը յանձնարարեն զայն։ Երեք անիւով շարժանիւ մը գործածելով, օճառները անձամբ մարդոց կը հասցնեմ։

Ցաւօք սրտի, ծռած ողնայարիս պատճառած ցաւը այնքան անտանելի դարձած էր 2004–ին, որ տրամաբանական էր որ ռահվիրայութիւնը կեցնէի։ Ասով հանդերձ, տակաւին լիովին կը մասնակցիմ ծառայութեան։

Մարդիկ կ’ըսեն որ իմ փոխանցիկ ժպիտովս ճանչցուած եմ։ Ամէն պատճառ ունիմ ուրախ ըլլալու, քանի որ Աստուծոյ մօտենալս բարի եղած է ինծի (կը պատմէ Սէռա Մայկա