Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ

Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայ

Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայ

Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի Աստուծոյ մօտիկ ըլլաս։ Հետեւեալ կէտերը նկատի առինք, որոնք կրնան քեզի օգնել Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն զարգացնելու.

  1. Գիտնալ որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, եւ զայն գործածել

  2. Կանոնաւորաբար իրեն հետ հաղորդակցիլ, աղօթելով եւ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սերտելով

  3. Շարունակաբար ընել ինչ որ Եհովան կը հաճեցնէ

Աստուծոյ մօտեցիր՝ իր անունը գործածելով, իրեն աղօթելով, իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ աստուածահաճոյ բաներ ընելով

Այս կէտերուն նայելով, կրնա՞ս ըսել թէ հարկ եղածը կ’ընես Աստուծոյ մօտենալու։ Կա՞ն մարզեր, որոնց մէջ կրնաս բարելաւուիլ։ Հասկնալի է որ ասիկա ջանք կը պահանջէ. բայց պահ մը արդիւնքները նկատի առ։

«Կ’արժէ ամէն ջանք թափել Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնելու համար», կ’ըսէ Ճենիֆըր, որ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ «Այս փոխյարաբերութիւնը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ. Աստուծոյ աւելի վստահիլ, իր անձնաւորութիւնը աւելի լաւ հասկնալ, եւ ամէն բանէ առաջ՝ զինք աւելի սիրել։ Աւելի լաւ ապրելակերպ մը չկայ»։

Եթէ կ’ուզես Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն վայելել, Եհովայի վկաները հաճոյքով կրնան քեզի օգնել, Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարելով քեզի հետ։ Նաեւ հրաւիրուած ես իրենց ժողովներուն, այցելելով մօտակայ Թագաւորութեան սրահ մը, ուր կրնաս ընկերակցիլ այնպիսի մարդոց հետ, որոնք Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը կ’արժեւորեն *։ Այսպէս ընելով, դուն ալ պիտի բաժնես սաղմոսերգուին զգացումը, որ ըսաւ. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի» (Սաղմոս 73։28

^ պարբ. 9 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրելու կամ մօտակայ Թագաւորութեան սրահ մը գտնելու համար, հաճիս խօսէ այն անձին հետ, որ քեզի այս պարբերաթերթը տուաւ, կամ ալ այցելէ մեր կայքը՝ www.mt711.com/hy-latn եւ նայէ՛ ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ մասը, որ էջին վարը կը գտնուի։