Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԳՈՐԾԷԴ ՀԱՃՈՅՔ ԱՌՆԵԼ

Ինչպէ՛ս կրնաս ծանր աշխատանքէն հաճոյք առնել

Ինչպէ՛ս կրնաս ծանր աշխատանքէն հաճոյք առնել

«Ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժողովող 3։13)։ Եթէ Աստուած կ’ուզէ որ մեր գործէն հաճոյք առնենք, տրամաբանական չէ՞ որ ցոյց տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդպէս ընել (Եսայի 48։17)։ Ուրախ ենք որ ան այս մէկը կ’ընէ՛ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։ Նկատի առ հետեւեալ սուրբ գրային խրատները, որոնք քեզի կ’օգնեն գործիդ մէջ գոհունակութիւն գտնելու։

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ԶԱՐԳԱՑՈՒՐ

Գործդ ըլլայ գլխաւորաբար մտային, գլխաւորաբար ֆիզիքական կամ երկուքին միջեւ, նշմարէ թէ «ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ» (Առակաց 14։23)։ Ինչպիսի՞ օգուտ։ Նախ, ծանր աշխատանքը կ’օգնէ որ մեր նիւթական կարիքները հոգանք։ Ճիշդ է որ Աստուած կը խոստանայ հոգալ անոնց կարիքները, որոնք անկեղծ սրտով զինք կը պաշտեն (Մատթէոս 6։31, 32)։ Բայց ան նաեւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ ժրաջանօրէն ջանանք ապրուստ մը ճարել (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10

Արդ, մեր գործը կրնանք սեպել միջոց մը մեր նպատակին հասնելու։ Աշխատանքը պատուաբեր կերպ մըն է, որ մեր պատասխանատուութիւններուն հոգ տանինք։ «Ապրուստդ ճարելը իրագործում մըն է», կ’ըսէ 25 ամեայ Ճոշուա։ «Եթէ կրնաս կարիքներուդ ծախսերը հոգալ, ուրեմն գործդ կ’ընէ ինչ որ պէտք է ընէ»։

Երկրորդ, ծանր աշխատանքը կ’օգնէ որ ինքնայարգանք ունենանք։ Ի վերջոյ անունը վրան է,– ծա՛նր աշխատանք։ Երբ ինքնակրթութեամբ մեր աշխատանքին կառչինք,– նոյնիսկ եթէ ատիկա ձանձրալի կամ դժուար թուի,– կրնանք գոհունակութիւն զգալ, գիտնալով որ բարձր չափանիշի մը կառչած մնացինք, դիւրին միջոցին դիմելու հակումը յաղթահարեցինք (Առակաց 26։14)։ Այդ առումով կարելի է ըսել, որ աշխատանքը կրնայ գոհունակութեան զօրաւոր զգացում տալ մարդուն։ «Կը սիրեմ այն զգացումը, որ աշխատանքային երկայն օրէ մը ետք կ’ունենամ», կ’ըսէ նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Արոնը։ «Թերեւս ուժասպառ ըլլամ,– եւ թերեւս ուրիշներ գործս չգնահատեն,– բայց գիտե՛մ որ բան մը իրագործած եմ»։

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻԴ ՄԷՋ ՀՄՏԱՑԻՐ

Աստուածաշունչը կը գովէ այն տղամարդը, որ «իր գործին մէջ ժիր» է, եւ այն կինը, որ «հաճոյքով իր ձեռքերով կը գործէ» (Առակաց 22։29. 31։13, ԱԾ)։ Անշուշտ անհատ մը ինքնաբերաբար հմուտ չի դառնար։ Եւ մեզմէ քիչեր իրենց չհասկցած գործը հաճոյքով կը կատարեն։ Թերեւս այս պատճառով է որ շատեր իրենց աշխատանքէն հաճոյք չեն առներ. անոնք պարզապէս բաւարար ջանք չեն թափած, որ անոր մէջ հմտանան։

Իրականութեան մէջ, անհատ մը գրեթէ որեւէ աշխատանքէ կրնա՛յ հաճոյք առնել, եթէ ձգտի սորվիլ գործը լաւ կերպով կատարել։ «Շատ գոհունակ կը զգաս, երբ գործի մը մէջ լաւագոյնդ կ’ընես ու արդիւնքը կը տեսնես», կ’ըսէ 24 ամեայ Ուիլիամ։ «Այս զգացումը բնաւ չես ունենար, երբ գործը հարեւանցի ընես կամ միայն նուազագոյնը կատարես»։

Ի ՄՏԻ ՈՒՆԵՑԻՐ ԹԷ ԱՇԽԱՏԱՆՔԴ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ Կ’ՕԳՏԷ

Խուսափէ այն թակարդէն, որ մտածես միայն թէ որքան դրամ կը վաստկիս։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ ուղղէ. «Այս աշխատանքը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ չկատարուի կամ ճիշդ կերպով չըլլայ։ Աշխատանքս ինչպէ՞ս ուրիշներուն կ’օգտէ»։

Յատկապէս այդ վերջին հարցումին մասին մտածելը կարեւոր է, քանի որ գործին մէջ ամէնէն շատ գոհունակ կ’ըլլանք, երբ տեսնենք թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս անկէ կ’օգտուին։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Մեր աշխատանքէն անմիջական օգուտ ստացողներուն կողքին, ինչպէս յաճախորդները եւ գործատէրերը, կան նաեւ ուրիշներ, որոնք մեր ծանր աշխատանքէն կ’օգտուին։ Ասոնց մէջ պարփակուած են մեր տան անդամները եւ կարիքաւորները։

Մեր տան անդամները։ Երբ ընտանիքի գլուխ մը տնեցիներուն հոգ տանելու համար ծանր կ’աշխատի, անոնց առնուազն երկու կերպով կ’օգտէ։ Առաջին, ան անոնց ֆիզիքական անհրաժեշտ կարիքները կ’ապահովէ,– ուտելիք, հագուստ եւ պատսպարան։ Եւ այսպիսով ան ‘իրեններուն հոգ տանելու’ աստուածատուր պատասխանատուութիւնը կը կատարէ (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Երկրորդ, ժրաջանօրէն ապրուստ ճարող անձը իր օրինակովը ցոյց կու տայ թէ կարեւոր է ծանր աշխատիլ։ «Հայրս հիանալի օրինակ մըն է աշխատանքային բարոյագիտութիւն ունենալուն մէջ», կ’ըսէ նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Շէյնը։ «Ան պարկեշտ մարդ է եւ ամբողջ կեանքին մէջ ծանր աշխատած է, մեծաւ մասամբ՝ ատաղձագործութեամբ։ Իր օրինակը ինծի սորվեցուցած է ձեռքերով աշխատելու արժէքը, շինելով բաներ՝ որոնցմէ ուրիշներ պիտի օգտուին»։

Կարիքաւորները։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները խրատեց որ ‘աղէկ գործի պարապին, որպէսզի կարող ըլլան տալ կարօտ եղողին’ (Եփեսացիս 4։28)։ Արդարեւ, երբ մեր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար ծանր աշխատինք, թերեւս նաեւ կարող ըլլանք օգնել կարօտեալներուն (Առակաց 3։27)։ Ուստի ծանր աշխատանքի շնորհիւ, կրնանք տալուն ուրախութիւնը զգալ։

ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾԷՆ ԱՒԵԼԻՆ ԸՐԷ

Յիսուս իր հռչակաւոր Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու» (Մատթէոս 5։41Այդ խօսքին սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնաս գործիդ կիրարկել։ Պարզապէս նուազագոյնը կատարելու փոխարէն, ձգտէ պահանջուածէն աւելին ընել։ Դուն քեզի նպատակակէտեր դիր՝ ջանալով ակնկալուածէն աւելի լաւ կամ արագ աշխատիլ։ Ուրախացիր նոյնիսկ այն պզտիկ բաներով որ կ’ընես։

Երբ մղոն մը ե՛ւս քալես, շատ հաւանաբար աւելի հաճոյք առնես աշխատանքէդ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ դուն ես քու արարքներուդ տէրը։ Դուն աւելին կու տաս ոչ թէ քանի որ մէկը քեզ կը ստիպէ, այլ՝ քանի որ դո՛ւն կ’ուզես (Փիլիմոն 14)։ Այս առնչութեամբ տեղին է նշել այն սկզբունքը, որ գրուած է Առակաց 12։24–ի մէջ. «Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ, բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ»։ Մեզմէ քիչեր թերեւս բառացի ստրկութեան կամ հարկադրական աշխատանքի ենթարկուին։ Բայց այն անհատը որ միայն նուազագոյն ջանքը կը թափէ, թերեւս զգայ թէ միշտ ուրիշի մը հրամաններուն տակ է կամ ուրիշին պահանջին գոհացում տալու բեռին տակ է։ Միւս կողմէ, այն անհատը որ իր ուզելովը մղոն մը ե՛ւս կը քալէ, կը զգայ թէ ինքն է իր կեանքին եւ արարքներուն տէրը։

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԵՂԻՐ

Ծանր աշխատանքը գովելի ըլլալով հանդերձ, պէտք է յիշենք թէ կեանքը միայն գործ չէ։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ժրաջան ըլլանք (Առակաց 13։4)։ Բայց բնաւ չի յանձնարարեր որ աշխատամոլ դառնանք։ Ժողովող 4։6–ը կ’ըսէ. «Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է»։ Միտք բանին ի՞նչ է։ Աշխատամոլը թերեւս բնաւ չվայելէ իր աշխատանքին արդիւնքը, եթէ գործը իր ամբողջ ժամանակն ու կորովը կը խլէ։ Հետեւաբար, իր գործը կը դառնայ նոյնքան անիմաստ, որքան հովին ետեւէն վազելը։

Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել, որ աշխատանքի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Աշխատասիրութիւն քաջալերելով հանդերձ, Սուրբ Գիրքը նաեւ կը խրատէ որ «աւելի կարեւոր բաները» ընտրենք (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։ Այս կարեւոր բաները կ’ընդգրկեն՝ ընտանիքի անդամներուն ու բարեկամներու հետ ժամանակ անցընելը, եւ աւելի կարեւորը՝ հոգեւոր գործունէութիւնները, ինչպէս՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալ եւ անոր վրայ խոկալ։

Անոնք որոնք իրենց կեանքը հաւասարակշռուած կը պահեն, շատ հաւանաբար իրենց աշխատանքէն աւելի հաճոյք առնեն։ «Իմ հին գործատէրերէս մէկը գործին մէջ հաւասարակշռուած ըլլալու նկատմամբ ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ», կ’ըսէ Ուիլիամ, որուն մասին նախապէս նշեցինք։ «Ան ծանր կ’աշխատի եւ իր գործի որակը կը ձգէ որ լաւ յարաբերութիւն ունենայ յաճախորդներուն հետ։ Բայց օրուան աւարտին, երբ գործը կը վերջացնէ, գիտէ՛ ինչպէս իր գործը մէկ կողմ դնել եւ կեդրոնանալ իր ընտանիքին ու պաշտամունքին վրայ։ Եւ գիտե՞ս ինչ։ Ան իմ գիտցած ամէնէն երջանիկ անհատներէն մէկն է»։