Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները կին դասակարգի պատկանող քարոզիչներ ունի՞ն

Եհովայի վկաները կին դասակարգի պատկանող քարոզիչներ ունի՞ն

 Այո՛։ Բոլոր Եհովայի վկաները, ներառեալ՝ միլիոնաւոր կիներ, քարոզիչներ կամ ծառայողներ են։ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, որ «աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին» կամ մեծ բանակ պիտի ըլլան (Սաղմոս 68։11, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով

 Կին դասակարգի պատկանող Եհովայի վկաները կը հետեւին Աստուածաշունչին մէջ նշուած կիներուն օրինակին (Առակաց 31։10-31)։ Թէեւ անոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն չեն առներ, բայց ժողովքէն դուրս՝ քարոզչութեան մէջ լիովին բաժին կը բերեն։ Նաեւ, անոնք իրենց զաւակներուն Աստուածաշունչի սկզբունքները կը սորվեցնեն (Առակաց 1։8)։ Խօսքով ու գործով, կին դասակարգի պատկանող Վկաները կը ջանան ուրիշներուն լաւ օրինակ հանդիսանալ (Տիտոս 2։3-5