Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախէն աջ՝ եղբայրներ Էմին Մխիթարեան, Գոռ Մուշկամբարեան, Միքայէլ Դավթեան, Արցախ Թումանեան եւ Յովհաննէս Սարգսեան, որոնք մաքրութեան վերաբերեալ աշխատանք կ’ընեն՝ որպէս այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եհովայի վկաները Հայաստանի մէջ տասը տարիէ ի վեր այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն կ’ընեն

Երկրին այլընտրանքային ծառայութեան հանրապետական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ մը ըսաւ. «Այլընտրանքային ծառայութեան կարգադրութիւնը մեր պետութեան առած ամէնէն իմաստուն որոշումներէն մէկն էր»։

Եհովայի վկաները Հայաստանի մէջ տասը տարիէ ի վեր այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն կ’ընեն

14 Յունուար, 2024–ին, Հայաստանի մէջ այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութեան սկսելուն ճիշդ տասը տարի կ’ըլլայ։ Այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւնը առիթ կու տայ անոնց՝ որոնց խիղճը չի ներեր բանակին մէջ ծառայելու, որ իրենց շրջանակին օգտակար դառնան, տարբեր–տարբեր հանրային ծառայութիւններ ընելով։ Այս ծառայութիւններէն ոմանք կապ ունին շինարարութեան, պարտիզպանութեան եւ ընկերային ծառայութեան հետ։ Այդ օրէն որ այլընտրանքային ծառայութիւնը սկսաւ, աւելի քան 450 Եհովայի վկաներ, բոլորն ալ երիտասարդ տղաք, անձնապէս որոշած են այս տեսակի ծառայութենէն օգտուիլ։

Եղբայր Սամուէլ Պետրոսեանը այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն կ’ընէ՝ զբօսայգիի մը մէջ

Եղբայր Սամուէլ Պետրոսեանը, ներկայիս այլընտրանքային ծառայութիւն ընտրած է եւ կ’աշխատի որպէս պարտիզպան։ Ան ըսաւ. «Կը ջանամ լաւ անուն ունենալ։ Օրինակ, կը փորձեմ ինծի նշանակուած պարտականութիւնները լաւ կերպով ընել եւ ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալ։ Ասանկով, պատասխանատուներս հետս միշտ ազնուութեամբ ու յարգանքով կը վարուին»։

Եղբայր Արթուր Մարտիրոսեանը 3 տարի այլընտրանքային ծառայութիւն ըրած է հիւանդանոցի մը մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ուրախ էի, որ առիթը ունեցայ կարիքաւոր մարդոց օգնելու։ Այս փորձառութիւնը նաեւ օգնեց, որ հասուն անձ մը դառնամ։ Սորվեցայ աւելի ճկուն ըլլալ, սթրեսի հետ գլուխ ելլել եւ ուրիշներուն հետ աւելի լաւ կերպով հաղորդակցիլ»։

2014­–էն առաջ, Հայաստանի մեր եղբայրները երկարատեւ բանտարկութեան կը դատապարտուէին, քանի որ իրենց խիղճը չէր ներեր որ բանակին մէջ ծառայեն։ Հայաստանի մէջ այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութեան յայտագրին յաջողութեան մասին խօսելով, բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը ըսաւ. «Սկիզբը այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութեան դէմ էի, քանի որ կը վախնայի որ անիկա վնաս տայ մեր ազգային անվտանգութեան, եւ կը կարծէի որ այս ծառայութիւնը կրնայ շահագործուիլ։... Բայց ժամանակը փաստեց որ սխալ էի։ Քանի մը տարի ետք, շատ յստակ դարձաւ, որ Եհովայի վկաներուն այլընտրանքային ծառայութիւնը ազգային անվտանգութեան համար վտանգ մը չէ։ Ընդհակառակը, անոնք ծանր կ’աշխատին՝ տարբեր–տարբեր աշխատանքներ ընելով, այլընտրանքային ծառայութեան [կարգադրութեան] շնորհիւ»։

Եղբայր Սպարտակ Շոլեանը եւ Արտյոմ Աղբալեանը այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն կ’ընեն՝ ծերանոցի մը մէջ

Այլընտրանքային ծառայութեան հանրապետական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ մը ըսաւ. «Արդէն տասը տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ծառայութիւն գոյութիւն ունի։... Պէտք է հպարտօրէն ընդունինք որ այլընտրանքային ծառայութեան կարգադրութիւնը մեր պետութեան առած ամէնէն իմաստուն որոշումներէն մէկն էր։ Երբ ստուգելու համար գացինք այն հաստատութիւնները, ուր այլընտրանքային ծառայութիւն կայ, տեսանք որ մասնակցողները աշխատասիրութեամբ եւ ուրախ տրամադրութեամբ կ’աշխատին։ Ամէն տարի, մեծ թիւով գնահատական նամակներ կը ստանանք՝ Եհովայի վկաներուն ըրած ծառայութիւններուն համար։ Հաստատութիւններու տնօրէնները միշտ կը գովեն Վկաները, ըսելով թէ անոնք լաւագոյն պաշտօնեաներն են»։

Հայաստանի մէջ ապրող Եհովայի վկաները շնորհակալ են, որ առիթը ունին մարդոց օգտակար դառնալու իրենց կատարած այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութեամբ. այսպիսով անոնք Եհովան կը փառաբանեն՝ իրենց «բարի գործեր»ով (Ա. Պետ. 2։12