Անցնիլ բովանդակութեան

Շատ յաճախ պատահող ելեկտրականութեան ընդհատումները արգելք չեղան որ Ուքրանիոյ մէջ ապրող մեր եղբայրները ժողովներէն ետ մնան։ Ձախին՝ շրջանային տեսուչ մը իր դասախօսութիւնը կը ներկայացնէ տան մը մէջ՝ հրատարակիչներու պզտիկ խումբի մը առջեւ։ Վերը աջին՝ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ ժողովը կը շարունակուի, հակառակ որ ելեկտրականութիւն չկայ։ Վարը աջին՝ ընտանիք մը ինթըրնէթով ժողովը կը դիտէ, հակառակ որ ելեկտրականութիւն չկայ

20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 14 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 14 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ուքրանիայի կարգ մը շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող ռմբակոծումներուն պատճառաւ, շատ մը ճամբաներ, կամուրջներ եւ ելեկտրակայաններ քանդուած են։ Հակառակ անոր որ շատ անգամ ելեկտրականութիւն չկայ, մեր եղբայրները բնաւ չեն դադրիր ժողովներուն ներկայ ըլլալէ եւ ուրիշ հոգեւոր գործունէութիւններու մասնակցելէ։

Վիտէոյով ժողովի մը ներկայ ըլլալ, մինչ ելեկտրականութիւն չկայ

Քիեւի մէջ որպէս ռահվիրայ ծառայող Անասթազիան եւ Տէպօրան, կ’ըսեն որ օրական առնուազն 12 ժամ ելեկտրականութիւն չունին։ Անոնք իրենց ելեկտրոնային գործիքները կը լեցնեն (charge) երբոր կրնան եւ ժողովներուն ալ իրենց անձնական ինթըրնէթը (cellular data) կը գործածեն։ Իսկ ինթըրնէթն ալ շատ անգամներ ժողովը վերջանալէն ետք կ’երթայ։

Ելեկտրականութեան կտրուիլը նաեւ պատճառ կ’ըլլայ որ տուները տաքուկ չըլլան։ Կարգ մը եղբայրներ ելեկտրածին շարժակ (generator) կը գործածեն ելեկտրականութիւն ունենալու եւ իրենց տուները տաքցնելու համար։ Ոմանք կը փոխադրուին իրենց ազգականներուն տունը, եթէ անոնց տունը տաք է։ Իսկ ուրիշներ ալ պարզապէս կը դիմանան պաղին։ Ուրախ ենք որ մեր եղբայրներէն շատեր իրենց տուները կամ յարկաբաժինները տաքցնելու համար կազ կը գործածեն, եւ ելեկտրականութեան կտրուիլը չ’ազդեր իրենց։

Իվանօ–Ֆրանքովսքի մէջ ապրող Իրինա անունով ռահվիրայ մը, որոշած է դրական մնալ։ Ան ըսաւ. «Որոշեցի չկեդրոնանալ բանի մը վրայ որ ձեռքս չէ։ Անոր համար ժամը ժամուն կ’ապրիմ։ Կը մտածեմ որ երբ ելեկտրականութիւնը երթայ ի՛նչ կրնամ ընել եւ վստահ կ’ըլլամ որ նախապէս բեռնած եմ ինծի պէտք եղած հրատարակութիւնները»։

Հակառակ անոր որ Ուքրանիայի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը շատ մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, բայց անոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած կը մնան։ Վստահ ենք որ Եհովան պիտի շարունակէ օրհնել «բարիք գործել»ու համար անոնց թափած ջանքերը (Գաղատացիս 6։9

Մինչեւ 6 դեկտեմբեր 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 47 հրատարակիչներ մահացած են

  • 97 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 11,537 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 590 տուներ փլած են

  • 645 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1722 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 7 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 19 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 68 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 54,212 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 26,811 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին