Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ, որ զօրաւորը կեղեքէ տկարը

Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ, որ զօրաւորը կեղեքէ տկարը

Աստուածաշունչին մէջ կան կարգ մը անախորժ արձանագրութիւններ, ուր զօրաւորները կեղեքած են տկարները։ Մեր միտքը կու գայ Նաբովթի օրինակը *։ Ք.Ա. տասներորդ դարուն, Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը իր կնոջ՝ Յեզաբէլին թոյլ տուաւ, որ Նաբովթն ու անոր որդիները սպաննել տար, որպէսզի անոր այգիին տիրանար (Գ. Թագաւորաց 21։1-16. Դ. Թագաւորաց 9։26)։ Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրեց հեղինակութեան այդ չարաշահումը։

«Աստուած. . . չի կրնար ստել» (Տիտոս 1։2, ՆԱ

Կեդրոնանանք կարեւոր պատճառի մը վրայ,– Աստուած չի կրնար ստել (Տիտոս 1։2, ՆԱ)։ Բայց ասիկա ի՞նչ կապ ունի կեղեքումի հետ։ Սկիզբէն, Աստուած մարդիկը զգուշացուց, որ իրեն դէմ ըմբոստանալը սոսկալի հետեւանք մը պիտի ունենար,– մահ։ Ինչպէս որ Աստուած ըսած էր, Եդեմի պարտէզին մէջ եղած ըմբոստութենէն ի վեր, մահը մարդկային կեանքին մէկ մասը դարձած է։ Առաջին մարդկային մահը արդէն՝ կեղեքումի արդիւնքն էր,– երբ Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը (Ծննդոց 2։16, 17. 4։8

Այդ օրէն ի վեր մարդկային պատմութեան նկատմամբ, Աստուծոյ Խօսքը կ’եզրափակէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։ Այս խօսքը ճիշդ ելա՞ծ է։ Եհովան իր ժողովուրդը՝ իսրայէլ ազգը զգուշացուց, թէ իրենց թագաւորները զիրենք պիտի կեղեքէին եւ թէ անոնց պատճառով՝ ժողովուրդը Աստուծոյ պիտի աղաղակէր (Ա. Թագաւորաց 8։11-18)։ Նոյնիսկ Սողոմոն իմաստունը իր ժողովուրդին վրայ ծանր տուրքեր դրաւ (Գ. Թագաւորաց 11։43. 12։3, 4)։ Չար թագաւորները, ինչպէս Աքաաբ, շա՜տ աւելի դաժան դուրս եկան։ Նկատի առ։ Եթէ Աստուած արգելք հանդիսանար այդ բոլոր կեղեքիչ իշխանութիւններուն, միթէ իր խօսքը սուտ պիտի չելլէ՞ր։

«Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9

Յիշէ նաեւ որ Սատանան կը դաւանի, թէ մարդիկ Աստուծոյ կը ծառայեն միմիայն անձնասէր պատճառներով (Յոբ 1։9, 10. 2։4)։ Եթէ Աստուած իր բոլոր ծառաները ամէն տեսակի տիրապետութենէ պաշտպանէր, Սատանայի դաւանութիւնը պիտի չհաստատուէ՞ր։ Եւ եթէ Աստուած ամէն մարդ պաշտպանէր ամէն տեսակ կեղեքումէ, միթէ ինք պատասխանատու պիտի չըլլա՞ր աւելի մեծ սուտի մը։ Այդպիսի պաշտպանութեան ներքեւ՝ շատեր պիտի եզրակացնէին, թէ մարդիկ կրնա՛ն առանց Աստուծոյ ինքզինքնին յաջողապէս կառավարել։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը ճիշդ հակառակը կ’ըսէ,– թէ մարդը բոլորովին անկարող է ինքզինք կառավարելու (Երեմիա 10։23)։ Պէտք ունինք Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն. միայն այն ատեն է որ անարդարութիւնը վերջ պիտի գտնէ։

Ասիկա կը նշանակէ՞, թէ Աստուած կեղեքումի նկատմամբ որեւէ բան չընէր։ Ո՛չ։ Նկատի առ երկու բաներ որ կ’ընէ։ Առաջին, ան դաժան արարքները կը քօղազերծէ։ Օրինակի համար, իր Խօսքը ամէն կողմանէ կը քօղազերծէ Յեզաբէլի ծրագիրը Նաբովթի դէմ։ Աստուածաշունչը նաեւ կը բացայայտէ, թէ այդպիսի չար արարքներուն ետին կը գտնուի հզօր կառավարիչ մը, որ կ’ուզէ իր ինքնութիւնը թաքցնել (Յովհաննէս 14։30. Բ. Կորնթացիս 11։14)։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ան Բանսարկու Սատանան է։ Չարութիւնն ու կեղեքումը եւ անոնց իսկական աղբիւրը քօղազերծելով, Աստուած մեզի կ’օգնէ որ չարութենէ խուսափինք։ Այսպիսով, ան մեր յաւիտենական կեանքը պաշտպանած կ’ըլլայ։

Երկրորդ, Աստուած ստոյգ յոյս մը կու տայ, թէ կեղեքումը վերջ պիտի գտնէ։ Երբ կը կարդանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս Աքաաբն ու Յեզաբէլը,– ինչպէս նաեւ անոնց նման շատերը,– քօղազերծեց, դատեց եւ պատժեց, աւելի մեծ վստահութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ խոստումին վրայ, թէ օրին մէկը բոլոր չարերը պիտի պատժէ (Սաղմոս 52։1-5)։ Աստուած ուրիշ վստահելի յոյս մըն ալ կու տայ, թէ շուտով պիտի վերցնէ չարութեան բոլոր գէշ հետեւանքները զինք սիրողներուն վրայէն *։ Արդ՝ հաւատարիմ Նաբովթ պիտի վայելէ այն ժամանակը, երբ ինքն ու իր որդիները յաւիտեան պիտի ապրին՝ անարդարութենէ զերծ դրախտային երկրի մը մէջ (Սաղմոս 37։34

^ պարբ. 3 Տե՛ս «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածը այս թիւին մէջ։

^ պարբ. 8 Տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։