Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ

Անարդարութեան դիմաց ան տոկաց

Անարդարութեան դիմաց ան տոկաց

ԵՂԻԱ կը քալէ Յորդանանի հովիտին մէջէն։ Շաբաթներով՝ հեռաւոր Քորեբ լեռնէն դէպի հիւսիս ճամբորդելով, ան այժմ կը հասնի Իսրայէլ եւ կը տեսնէ, թէ իր հայրենիքին մէջ փոփոխութիւններ եղած են։ Երկարատեւ երաշտին ձգած ազդեցութիւնը կամաց–կամաց կ’անհետանար։ Աշնանային անձրեւը սկսած ըլլալով, հողագործները իրենց արտերը կը հերկէին։ Մարգարէին սիրտը թերեւս որոշ չափով հանգստացաւ երբ տեսաւ երկրին ապաքինումը, բայց իր միտքը ժողովուրդին վրայ էր։ Անոնք հոգեւորապէս ետեւ գացած էին։ Բահաղի պաշտամունքը տակաւին համատարած էր իսրայէլի մէջ եւ Եղիա ընելիք շատ գործ ունէր *։

Աբէլմաուլա գիւղաքաղաքին մօտ, Եղիա նկատեց թէ լայնածաւալ երկրագործութիւն տեղի կ’ունենար։ 24 լծկան ցուլերէ բաղկացած 12 լուծերը, միաժամանակ հերկելով, զուգահեռ ակօսներ կը գծէին խոնաւ հողին մէջ։ Եղիա վերջին լուծը վարող տղամարդը կը փնտռէր,– Եղիսէն, զոր Եհովան ընտրած էր՝ իր յաջորդը ըլլալու։ Եղիան ատեն մը կարծեց թէ ինք միակն էր որ Աստուծոյ հաւատարիմ էր, ուստի կասկած չկայ, թէ ան անձկութեամբ կ’ուզէր Եղիսէն տեսնել (Գ. Թագաւորաց 18։22. 19։14-19

Արդեօք Եղիան մտահոգուեցա՞ւ, խորհելով թէ իր պատասխանատուութիւններէն եւ առանձնաշնորհումներէն մաս մը ուրիշի մը պիտի յանձնէր կամ թէ օր մըն ալ՝ պիտի փոխարինուէր։ Չենք կրնար ստուգապէս ըսել, ոչ ալ կրնանք զանց ընել այս հաւանականութիւնը։ Ի վերջոյ, ան «մեզի պէս զգացումներ ունէր» (Յակոբոս 5։17, ՆԱ)։ Ամէն պարագայի, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց» (Գ. Թագաւորաց 19։19)։ Հաւանաբար ոչխարի կամ այծի մորթէ հիւսուած՝ Եղիայի պաշտօնական վերարկուն ցոյց կու տար, թէ ան մասնաւոր նշանակում մը ստացած էր Եհովայէն։ Ուրեմն զայն Եղիսէին ուսերուն վրայ ձգելը իմաստալից արարք մըն էր։ Եղիա յօժարակամօրէն ենթարկուեցաւ Եհովայի պատուէրին՝ Եղիսէն նշանակելու որպէս իրեն յաջորդ։ Ան վստահեցաւ եւ հնազանդեցաւ իր Աստուծոյն։

Եղիան խոնարհաբար Եղիսէն նշանակեց որպէս իրեն յաջորդ

Իսկ Եղիսէն, իր կարգին, կը տենչար օգնութեան ձեռք երկարել Եղիային, որ տարիքով իրմէ մեծ էր։ Եղիսէ անմիջապէս պիտի չյաջորդէր զինք։ Գրեթէ վեց տարի շարունակ, ան խոնարհաբար ընկերակցեցաւ տարեց մարգարէին եւ անոր օգնեց, յետագային ճանչցուելով որպէս «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնող» (Դ. Թագաւորաց 3։11)։ Որքա՜ն մխիթարուեցաւ Եղիան՝ այսպիսի կարող եւ ձեռնտու օգնական մը ունենալով։ Անոնք շատ հաւանաբար լաւ բարեկամներ դարձան։ Իրենց փոխադարձ քաջալերութիւնը վստահաբար երկուքին ալ օգնեց, որ երկրի մէջ տարածուած ցաւալի անարդարութիւնները տեսնելով հանդերձ, տոկան։ Յատկապէս ատոնցմէ մէկը՝ Աքաաբ թագաւորին չարութիւնն էր, որ հետզհետէ կ’աւելնար։

Անարդարութիւն կը դիմագրաւե՞ս։ Մեզմէ շատեր զայն կը դիմագրաւեն այս ապականած աշխարհին մէջ։ Աստուածասէր բարեկամ գտնելը կրնայ քեզի օգնել որ տոկաս։ Եղիայի հաւատքէն ալ կրնաս շատ բաներ սորվիլ երբ անարդարութեան զոհը կը դառնաս։

«ԵԼԻ՛Ր. . . ԱՔԱԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ ԻՋԻ՛Ր»

Եղիան եւ Եղիսէն տքնաջանօրէն աշխատեցան ժողովուրդին հոգեւորութիւնը կերտելու համար։ Անոնք ակներեւաբար առաջնորդութիւնը առին մարզելու ուրիշ մարգարէներ, որոնք հաւանաբար խումբերու մէջ կազմակերպուած էին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Եհովան Եղիային այս նոր նշանակումը տուաւ. «Ելի՛ր, Սամարիա բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու իջի՛ր» (Գ. Թագաւորաց 21։18)։ Աքաաբ ի՞նչ ըրած էր։

Թագաւորը արդէն հաւատուրաց մըն էր՝ Իսրայէլի ամէնէն գէշ թագաւորը ըլլալով մինչեւ այդ ատեն։ Ան ամուսնացած էր Յեզաբէլի հետ, եւ պատճառ դարձած էր որ երկրին մէջ տարածուէր Բահաղի պաշտամունքը, որուն անձամբ կը մասնակցէր (Գ. Թագաւորաց 16։31-33)։ Բահաղի պաշտամունքը կը պարփակէր բեղմնաւորման արարողութիւններ, ծիսական պոռնկութիւն եւ նոյնիսկ մանուկներու ողջակիզում։ Ասկէ զատ, Աքաաբ դեռ նոր մերժած էր Եհովայի պատուէրը ասորիներու Բենադադ չար թագաւորը սպաննելու։ Աքաաբի այս անհնազանդութիւնը ակներեւաբար կապ ունէր դրամական շահերու հետ (Գ. Թագաւորաց, գլուխ 20)։ Բայց այժմ, Աքաաբի եւ Յեզաբէլի ագահութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ բռնութիւնը իրենց գագաթնակէտին հասած էին։

Սամարիայի մէջ շքեղ եւ վիթխարի պալատ մը ունենալու կողքին, Աքաաբ նաեւ Յեզրայէլի մէջ ունէր պալատ մը, որ շուրջ 37 քիլոմեթր անդին կը գտնուէր։ Բայց այս երկրորդ պալատին կցուած էր այգի մը։ Աքաաբ ցանկաց այդ կտոր մը հողին, որուն սեփականատէրը Նաբովթն էր։ Աքաաբ զինք կանչել տուաւ եւ այգիին փոխարէն առաջարկեց իրեն տալ դրամ կամ ուրիշ այգի մը։ Սակայն Նաբովթ ըսաւ. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ» (Գ. Թագաւորաց 21։3)։ Արդեօք Նաբովթ յամառ կամ անխոհե՞մ էր։ Շատեր այդպէս կարծած են։ Բայց իրականութիւնն այն էր, թէ ան կը հնազանդէր Եհովայի Օրէնքին, որ իսրայէլացիներուն չէր արտօներ՝ իրենց ընտանիքէն ժառանգուած հողամասը մշտնջենապէս ծախել (Ղեւտացւոց 25։23-28)։ Նաբովթի աչքին՝ անհնար էր Աստուծոյ Օրէնքը բեկանել։ Ան զօրաւոր հաւատքի տէր եւ խիզախ մարդ մըն էր, քանի որ վստահաբար գիտէր թէ Աքաաբին դէմ ելլելը վտանգաւոր էր։

Իսկ Աքաաբ, վստահ Եհովայի Օրէնքին մասին չմտածեց։ Ան «սիրտը կոտրած ու նեղացած» տուն վերադարձաւ, որովհետեւ իր նպատակին չէր հասած։ Կը կարդանք. «Իր անկողնին վրայ պառկեցաւ ու երեսը դարձուց ու հաց չկերաւ» (Գ. Թագաւորաց 21։4)։ Երբ Յեզաբէլ տեսաւ թէ իր ամուսինը մանուկի մը պէս երեսը կախեր է, անմիջապէս ծրագիր մը յղացաւ անոր ուզածը ձեռք ձգելու,– ինչպէս նաեւ, արդար ընտանիք մը կորսնցնելու։

Դժուար թէ մէկը կարդայ Յեզաբէլի ծրագիրը եւ անոր չարութենէն չզարհուրի։ Յեզաբէլ թագուհին գիտէր, թէ Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն, լուրջ մեղադրանք մը հաստատելու համար երկու վկաներ պէտք էին (Բ. Օրինաց 19։15)։ Ուստի ան Աքաաբին անունով նամակներ գրեց, Յեզրայէլի մէջ բնակող երեւելի տղամարդոցմէն խնդրելով, որ գտնեն երկու վկաներ, որոնք յօժար պիտի ըլլային Նաբովթին դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ընելու,– հայհոյութեան մեղադրանքներ, որուն դատավճիռը մահապատիժն էր։ Դժբախտաբար, իր ծրագիրը յաջողեցաւ։ Երկու «անօրէն մարդիկ» սուտ վկայութիւն տուին Նաբովթի դէմ եւ հետեւաբար, ան մինչեւ մահ քարկոծուեցաւ։ Կարծես այս մէկը բաւարար չըլլար, Նաբովթին որդիներն ալ սպաննուեցան * (Գ. Թագաւորաց 21։5-14. Ղեւտացւոց 24։16. Դ. Թագաւորաց 9։26)։ Խորքին մէջ, Աքաաբ իր գլխաւորութենէն հրաժարած էր, իր կնոջ թոյլ տալով որ ուզածը ընէր՝ այդ անմեղ մարդիկը սպաննելով։

Երեւակայէ թէ ի՛նչ զգաց Եղիա մարգարէն, երբ Եհովան իրեն գիտցուց թագաւորին եւ թագուհիին արարքները։ Անհատ մը կրնայ խորապէս վհատիլ, երբ ականատես ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս չար մարդիկ անմեղները կը կեղեքեն եւ ըստ երեւոյթին, անպատիժ կը մնան (Սաղմոս 73։3-5, 12, 13)։ Ներկայիս, յաճախ մեր աչքերով կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս ոմանք գարշելիօրէն անարդարութիւն կ’ընեն,– անոնց մէջ ըլլալով նոյնիսկ հեղինակաւոր մարդիկ, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ ներկայացուցիչները ըլլալ։ Բայց կրնանք մխիթարական կէտ մը գտնել այս արձանագրութեան մէջ։ Աստուածաշունչը այս դէպքով մեզի յստակօրէն կը յիշեցնէ, թէ Եհովայի աչքէն բա՛ն մը չի վրիպիր եւ ան ամէն բան կը տեսնէ (Եբրայեցիս 4։13)։ Հետեւաբար, ան ինչպէ՞ս կը վարուի այսպիսի չար արարքներու ի տես։

«Ո՛Վ ԻՄ ԹՇՆԱՄԻՍ, ԶԻՍ ԳՏԱ՞Ր»

Եհովան Եղիան Աքաաբին ղրկեց, մատնանշելով. «Ահա անիկա Նաբովթի այգիին մէջն է» (Գ. Թագաւորաց 21։18)։ Երբ Յեզաբէլ Աքաաբին տեղեկացուց, թէ այգին այլեւս թագաւորին կը պատկանէր, Աքաաբ անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ գնաց իր նոր ստացուածքը վայելելու։ Իր մտքէն իսկ չէր անցներ, թէ Եհովան զինք կը դիտէր։ Պատկերացուր իր դէմքը, մինչ ան այդ այգիին մէջ զբօսնելով՝ ի՜նչ երազներ կը հիւսէր իր ապագային տնկելիք հիանալի պարտէզին մասին։ Բայց յա՛նկարծ, Եղիան երեւցաւ։ Աքաաբին հրճուալից դէմքը փոխուեցաւ, եւ ան կատաղի բարկութեամբ եւ ատելութեամբ լեցուած՝ աղաղակեց. «Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր» (Գ. Թագաւորաց 21։20

«Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր»

Աքաաբ իր այս խօսքով, երկու յիմարութիւն յայտնեց։ Առաջին՝ Եղիային «Ո՛վ իմ թշնամիս» ըսելով, Աքաաբ իր ատելութիւնը յայտնեց այն մարդուն հանդէպ, որ Եհովա Աստուծոյ բարեկամն էր եւ որ կրնար իրեն օգնել իր աղէտալի ընթացքէն վերադառնալու։ Երկրորդ՝ մարգարէին «Զիս գտա՞ր» հարցնելով, Աքաաբ յայտնեց թէ հոգեւորապէս կուրցած էր։ Եհովան արդէն իսկ ‘գտած էր’ զինք։ Աստուած տեսած էր, թէ ինչպէ՛ս Աքաաբ իր ազատ կամքի պարգեւը չարաշահելով՝ կը վայելէր Յեզաբէլի չար ծրագրին արդիւնքը։ Ան Աքաաբին սիրտը տեսաւ, ուր արծաթասիրութիւնը գերազանցած էր ողորմութեան, արդարութեան կամ կարեկցութեան զգացումները։

Կրնանք կարեւոր դասեր քաղել Աքաաբի յիմարութենէն։ Բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք, թէ Եհովա Աստուած ամէն բան կը տեսնէ։ Սիրալիր Հայր մը ըլլալով, ան գիտէ թէ ե՛րբ արդար ճամբայէն կը շեղինք, եւ կը տենչայ տեսնել թէ մեր ճամբաները կը փոխենք։ Մեզի օգնելու համար՝ ան յաճախ կը գործածէ իր բարեկամները,– հաւատարիմ մարդիկ, որոնք Եղիային նման Աստուծոյ խօսքերը կը հաղորդեն ուրիշներուն։ Ի՜նչ մեծ սխալ մը պիտի ըլլար Աստուծոյ բարեկամները մեր թշնամիները սեպել (Սաղմոս 141։5

Պատկերացուր թէ Եղիան ինչպէ՛ս պատասխանեց՝ «Գտայ» ըսելով։ Ան գիտցաւ Աքաաբին ինչպիսի՛ անձ մը ըլլալը,– Եհովա Աստուծոյ դէմ ըմբոստացող, աւազակ եւ մարդասպան։ Որքան քա՛ջ պէտք էր ըլլար ան, այդպիսի չար մարդու մը դիմադրելու եւ Աստուծոյ դատավճիռը ծանուցանելու համար։ Եհովան լման պատկերը տեսած էր,– չարութիւնը Աքաաբի տունէն արմատ առած՝ կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ։ Ուստի Եղիան Աքաաբին ըսաւ, թէ Աստուած վճռած էր անոր ամբողջ գերդաստանը ‘ջնջել’ կամ ոչնչացնել։ Յեզաբէ՛լն ալ իր անարդարութեան համար հաշիւ պիտի տար (Գ. Թագաւորաց 21։20-26

Եղիան անհոգօրէն չեզրակացուց, թէ մարդիկ կրնան պարզապէս չար, անարդար արարքներ գործել եւ անպատիժ մնալ։ Ներկայիս այսպիսի եզրակացութեան մը յանգիլը շատ դիւրին է։ Բայց Աստուածաշունչի այս արձանագրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովա Աստուած ոչ միայն եղելութիւնը կը տեսնէ, այլեւ իր որոշած ժամանակին՝ արդարութիւն ի գործ կը դնէ։ Իր Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ մօտ է այն օրը, երբ ան մէկ անգամ ընդ միշտ վերջ պիտի դնէ ամբողջ անարդարութեան (Սաղմոս 37։10, 11)։ Բայց թերեւս հարց տաս. «Արդեօք Աստուծոյ դատաստանները միայն պատիժներո՞վ կը գործադրուին, թէ ոչ ողորմութիւն ալ կը պարփակեն»։

«ԿԸ ՏԵՍՆԵ՞Ս, ԱՔԱԱԲ ԻՄ ԱՌՋԵՒՍ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸՆԷ»

Թերեւս Եղիան զարմացաւ՝ տեսնելով Աքաաբին հակազդեցութիւնը Աստուծոյ դատաստանին առնչութեամբ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աքաաբ այս խօսքերը լսածին պէս՝ իր հանդերձները պատռեց ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ ու ծոմ պահեց եւ քուրձով կը պառկէր ու կամաց կը քալէր» (Գ. Թագաւորաց 21։27)։ Միթէ Աքաաբ իր չար ճամբաներուն համար կը զղջա՞ր։

Առնուազն կրնանք ըսել, թէ ան այս քայլով ճիշդ ուղղութիւն բռնած էր։ Աքաաբ ինքզինք կը խոնարհեցնէր, ինչ որ վստահաբար հպարտ եւ ամբարտաւան մարդու մը համար՝ դժուար բան էր։ Բայց միթէ ան իսկապէս զղջացա՞ծ էր։ Առ ի համեմատութիւն, նկատի առ ուրիշ թագաւոր մը, Մանասէն, որ Աքաաբէն վերջ ապրեցաւ բայց չարութեամբ՝ Աքաաբը գերազանցեց։ Երբ Եհովան պատժեց Մանասէն, ան ինքզինք խոնարհեցուց՝ Եհովայէն օգնութիւն խնդրելով։ Բայց ան ասկէ աւելի՛ն ալ ըրաւ։ Ան իր կեանքին ընթացքը փոխեց, իր կանգնեցուցած կուռքերը վերցնելով, Եհովային ծառայելու համար ջանք թափելով եւ նոյնիսկ իր ժողովուրդը քաջալերելով որ նոյնը ընեն (Բ. Մնացորդաց 33։1-17)։ Աքաաբ ալ այդպիսի գործեր ըրա՞ւ։ Ցաւօք սրտի, ո՛չ։

Եհովան նկատեց Աքաաբին արտաքին տխրութիւնը եւ Եղիային ըսաւ. «Կը տեսնե՞ս, Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ’ընէ։ Անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ, անոր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ» (Գ. Թագաւորաց 21։29)։ Արդեօք Եհովան ներե՞ց Աքաաբին։ Ո՛չ, քանի որ միայն իսկակա՛ն զղջումն է որ կ’արժանանայ Աստուծոյ ներողամտութեան (Եզեկիէլ 33։14-16)։ Բայց քանի որ Աքաաբ որոշ չափով զղջում ցոյց տուաւ, Եհովան ալ որոշ չափով ողորմութիւն ցուցաբերեց։ Աքաաբ պիտի չտեսնէր իր ամբողջ ընտանիքին վախազդու բնաջնջումը։

Բայց Աքաաբին դէմ Եհովայի դատաստանը դեռ չէր փոխուած։ Յետագային, Եհովան իր հրեշտակներուն հետ խորհրդակցեցաւ, թէ ի՛նչն էր լաւագոյն կերպը Աքաաբը խաբելու, որ իր կեանքին վերջ դնող պատերազմի մը մասնակցէր։ Շատ չանցած, Աքաաբին դէմ Եհովայի դատավճիռը գործադրուեցաւ։ Պատերազմին մէջ վիրաւորուած ըլլալով, թագաւորը իր կառքին մէջ արիւնաքամ եղաւ ու մահացաւ։ Արձանագրութիւնը այս մռայլ մանրամասնութիւնը կ’աւելցնէ։ Երբ արքունական կառքը կը լուացուէր, կարգ մը շուներ թագաւորին արիւնը լափեցին։ Այս կերպով, հանրապէս կատարուեցան Եղիայի բերնով՝ Աքաաբին ուղղուած Եհովայի այս խօսքերը. «Այն տեղը ուր շուները Նաբովթին արիւնը լափեցին, հոն շուները քու արիւնդ պիտի լափեն» (Գ. Թագաւորաց 21։19. 22։19-22, 34-38

Թէ՛ Եղիային, թէ՛ Եղիսէին եւ թէ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն համար, Աքաաբին վերջը սրտապնդիչ յիշեցում մըն է, թէ Եհովան Նաբովթին քաջութիւնն ու հաւատքը չմոռցաւ։ Ուշ կամ կանուխ, արդարութեան Աստուածը պիտի պատժէ չարերը, բայց միեւնոյն ժամանակ, ան նաեւ ողորմութիւն կը պարփակէ իր դատաստանին մէջ, եթէ այդպէս ընելու հիմ մը կայ (Թուոց 14։18)։ Ի՜նչ ազդու դաս մը Եղիային համար, որ տասնամեակներ շարունակ՝ այդ չար թագաւորին իշխանութեան ներքեւ տոկացած էր։ Անձամբ անարդարութեան զոհ գացա՞ծ ես։ Կաթոգին կը սպասե՞ս այն օրուան, երբ Աստուած հարցերը պիտի շտկէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ընդօրինակես Եղիային հաւատքը։ Իր հաւատարիմ ընկերակիցին՝ Եղիսէին հետ մէկտեղ, ան շարունակեց Աստուծոյ պատգամները ծանուցանել եւ տոկաց՝ հակառակ անարդարութեան։

^ պարբ. 3 Եհովան երեքուկէս տարի երաշտ պատճառեց, ցոյց տալու համար թէ որքա՛ն անզօր էր Բահաղը, զոր մարդիկ կը պաշտէին որպէս անձրեւի եւ երկրի արգասաբերութեան աստուած (Գ. Թագաւորաց, գլուխ 18)։ Տե՛ս Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գրքին 10–րդ եւ 11–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 13 Յեզաբէլ թերեւս վախցաւ, որ այգիին սեփականատիրութիւնը Նաբովթի որդիներուն անցնէր, ուստի մղուեցաւ զանոնք սպաննելու կարգադրութիւն մըն ալ ընելու։ Քննարկութեան համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ այսպիսի կեղեքիչ արարքներ կը թոյլատրէ, տե՛ս «Ընթերցողները կը հարցնեն» յօդուածը այս թիւին մէջ։